Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Համբարձման Տօնի Հոգեւոր Արարողութեան Եւ Սիրոյ Սեղանին

By June 6, 2025No Comments

Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երկիւղածութեամբ նշուեցաւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի դէպի երկինք համբարձման տօնը: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Համբարձման տօնի Ս. Պատարագին, պատարագիչ ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեանը:

Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեանի, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի ուղղուեցաւ շրջանին մէջ գործող Vertigo շքեղ ճաշարան, ուր Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը տօնին առիթով կազմակերպած էր աւանդական Սիրոյ սեղան, հիւրընկալութեամբ Տիկին Ալին Չաղլասեանի: Սիրոյ սեղանին ներկայ եղան շուրջ 150 հիւրեր: Նաեւ ներկայ էր Ազգային վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէթլեան:

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կողմէ հոգատար բծախնդրութեամբ պատրաստուած եւ աւանդութեան կարգ անցած տօնական բնոյթի Սիրոյ սեղանի ամէնամեայ կազմակերպումը, ապա գնահատեց կազմն ու իր նուիրուածութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ:

Օրուան պատգամը փոխանցելով՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ Համբարձման տօնի խորհուրդին՝ հոգեւոր եւ ազգային առումով, ապա կարեւորութեամբ ընդգծեց հայկական աւանդութիւններու շարունակականութիւնը եւ անոնց մեծագոյն պաշտպանն ու փոխանցողը նկատեց հայ կինն ու հայր մայրը՝ գնահատանքի խօսքեր հնչեցնելով յատկապէս գիտակից հայուհիներու հասցէին, որոնք ազգային աւանդութիւնները վառ կը պահեն իրենց տուներէն եւ ազգի կեանքէն ներս:

Այս առիթով, ան նաեւ գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղեց ճաշկերոյթի հիւրընկալ բարերարուհի Տիկին Ալին Չաղլասեանի, վեր առնելով անոր առաքինի կեցուածքն ու բարերարութեան ոգին՝ իբրեւ աստուածասէր հայուհի, եկեղեցասէր կին եւ նուիրեալ մայր, ապա զայն մեծարեց յատուկ ծաղկամանով մը, ուր փորագրուած էին հիւրընկալ բարերարուհիին նկարագրային եւ զօրակցական բարեմասնութիւնները, մինչ Տիկնանց Օժանդակ մարմինը Տիկին Չաղլասեանի նուիրեց գունագեղ ծաղիկներու փունջ մը:

Կազմակերպիչ մարմինին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան, նշելով, որ տարիներու աւանդութեանց համաձայն, Տիկնանց Օժանդակ մարմինը կը շարունակէ մեծ բծախնդրութեամբ ու սիրով կազմակերպել նման ձեռնարկներ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ կամաւոր ձեռքերուն, իրենց բերած օժանդակութեան համար: Համբարձման տօնին ակնարկելով՝ ան շեշտեց տօնին ազգայնական բնոյթն ու սփիւռքի տարածքին հայկական նկարագիրի պահպանման մէջ նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը:

Համբարձման տօնի Սիրոյ սեղանին իր իւրայատուկ ներկայացմամբ մասնակցութիւն բերաւ Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանի բարձր կարգերու թատերական արուեստի ուսուցչուհի եւ վարժարանի մշակութային ձեռնարկներու պատասխանատու Տիկին Կասիա Մահսէրէճեան, որ ոչ միայն բացատրեց տօնին ազգային ու աւանդական բնոյթը, այլեւ իր խօսքին գործնական թատերականացումը կատարեց՝ վարժարանի 6-րդ կարգի աշակերտներու խումբ մը, հիասքանչ հետաքրքրութեան ալիք մը բարձրացնելով սրահէն ներս: Հուսկ, դրուատելէ ետք Տիկին Մահսերէճեանի ուսանելի ներկայացումը, կազմակերպիչ մարմինը առ ի շնորհակալութիւն՝ զայն գնահատեց յատուկ յուշանուէրով մը:

Յայտնենք նաեւ, որ Համբարձման ճաշկերոյթը ժողովրդական երգերով ճոխացուց երգիչ Յովհաննէս Պալեան, իսկ սրահը լեցուցած կիներ, քոյրեր ու մայրեր պարբերաբար հնչեցուցին տօնին յարմար երգեր եւ այս առիթով լիաբուռն նուիրեցին՝ յանուն Արեւմտեան Թեմի աշխատանքներու յաջողութեան, ապա իրենց տուները մեկնեցան ուրախ սրտով եւ յառաջիկայ տարին դարձեալ հանդիպելու վառ ցանկութեամբ:

Close Menu

Categories