Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց, Քարոզեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Լաս Վեկասի Ս.Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

By January 23, 2026No Comments

Կիրակի, 11 Յունուար 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. եւ անմահ Պատարագ, ինչպէս նաեւ քարոզեց ու մատաղօրհնէք կատարեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, իր հայրական ողջոյններն ու շնորհաւորանքները փոխանցելով եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներուն եւ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին, միաժամանակ շնորհաւորելով բոլոր Յովհաննէս, Կարապետ եւ Մկրտիչ անունները կրողները:

Յընթացս Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ Ղուկաս Աւետարանի 76-78 համարներու մէջ Յովհաննու Մկրտիչի Հօր՝ Զաքարիա մարգարէի հետեւեալ բառերու յիշատակութեամբ, թէ՝ «Եւ դուն, զաւա՛կս, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝ անոր ճամբան պատրաստելու, որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին, թէ պիտի փրկուին՝ իրենց մեղքերուն ներում գտնելով. Որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ», ապա, նշեց, որ Ս. Կոյս Մարիամի համար եւս կատարուեցաւ մարգարէութիւն, երբ ան Յիսուս Քրիստոսը ծնելու շնորհ ստացաւ: Այս գծով ան նաեւ յիշեց Ս. Մարիամի մօր՝ Ս. Աննայի հասցէին կատարուած մարգարէութիւնը, երբ վերջինս կը ծնէր իր միակ զաւակը՝ Մարիամը:

Մարգարէական այս պատկերի վերլուծումը կատարելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին վերը նշուած մարգարէութիւնը եւս Աստուծոյ փրկչագործական ծրագիրին մաս կը կազմէ, որովհետեւ, իրականութեան մէջ, Յովհաննէս Մկրտիչ մեր իսկական Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ գործելու ճամբան բացողը հանդիսացաւ եւ այս մասին բերելով աստուածաշնչեան այլ վկայութիւններ՝ շեշտեց, որ Յովհաննէս Մկրտիչի միջոցով Աստուծոյ ծրագիրի ուղղակի գործադրութեան սկիզբը դրուեցաւ: Մանրամասնութիւններ փոխանցելով այս մասին, ան իր քարոզին մէջ ուրուագծեց Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքն ու կերպարը՝ իբրեւ քաջ, արդար եւ Աստուծոյ նուիրեալ մարդ, որ եղաւ պարզ ու խոնարհ իր կեանքին մէջ եւ իր ուսերուն դրուած աստուածային հսկայական պարտաւորութիւնը հաւատարմօրէն կատարեց, մանաւա՛նդ երբ իր ձեռքով Յիսուս Քրիստոսը մկրտած պահուն՝ զայն մատնացոյց ընելով՝ գոչեց. «Ես չե՛մ, այլ Ա՛ն է ընտրեալը», այսինքն՝ Աստուծոյ Որդին եւ Արարիչ Հօր կողմէ հաւնուածն ու մարդոց փրկութեան համար աշխարհ առաքուածը:

Իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնելով նաեւ եկեղեցւոյ մէջ խմբուած երիտասարդներուն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր-եղբայրներուն ի տես, Գեղամ Արքեպիսկոպոս աւելի եւս խրախուսեց համայնքի ծնողներն ու մեծ ծնողները՝ իրենց զաւակներն ու թոռները յարատեւօրէն եկեղեցի առաջնորդելու ուղղութեամբ, ապա եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ան շնորհաւորեց Աստուծոյ տաճարի անդամներն ու շրջանի հայութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ կատարեց մատաղօրհնէք: Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ խորանին սպասարկեցին շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Պալգէորգեան, դպիրներ, սարկաւագներ եւ երգչախումբը, որոնց հոգեւոր երգեցողութիւնը նաեւ երկնային օրհնութիւններով լեցուց Ս. արարողութեան մասնակիցները:

Յետ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան, որուն մասնակցեցան հոգեւոր տաճարի ընտանիքն ու համայնքի ներկայացուցիչները, մինչ պարբերաբար հնչող խօսքերուն ընդմէջէն շնորհաւորանքներ հնչեցին՝ եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն հայ համայնքի առաւել պայծառացման ու բարգաւաճման մաղթանքներով:

Սիրոյ սեղանի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց թելադրանքներ՝ զիրար սիրելու, միաբանութեամբ ապրելու եւ իրարու հետ առողջ գործակցութեամբ կեանքը շարունակելու վերաբերեալ, ապա ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները եւ իր խօսքը աւարտեց «Պահպանիչ»ով:

Close Menu

Categories