Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Նշուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

By January 16, 2026No Comments

2026 տարեշրջանի առաջին ամսուան առաջին շաբաթը հայ ժողովուրդին համար եղաւ յատկանշական: Հայ ազգի բոլոր զաւակները՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, Յունուար 2026-ի առաջին շաբթուան ընթացքին հաւատքով ու նուիրուածութեամբ նշեցին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պայծառ տօնը, զոր հայկական տոմարին համաձայն կ՛ոգեկոչենք ամէն նոր տարուան 6-րդ օրը:

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատոյց, ջրօրհնէք կատարեց եւ քարոզեց գեղեցկօրէն զարդարուած Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Սուրբ սեղանին սպասարկեցին Հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ, դպիրներ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած է հռչակաւոր թենոր՝ Տիար Պերճ Քիրազեան:

Արդարեւ, երկնքի հետ հաղորդակցական շքեղ պահը յատկանշուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագով, որուն ընթացքին Յիսուս Քրիստոսի մարդեղինացման փառքը հիւսուեցաւ Աստուծոյ տան մէջ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան, մարմիններու, միութիւններու, կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին բնաբան հանդիսացան՝ «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։ Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած» (Ղուկաս 2.10-12) աստուածաշնչեան խօսքերը՝ բացատրելով, թէ մանուկ Յիսուս աշխարհ եկաւ իբրեւ Աստուածորդի, այսինքն՝ Ան Աստուծոյ արքայութիւնը հաստատելու նպատակով ծնաւ համեստագոյն վայրի՝ աննշան մսուրի մէջ, մեծաւոր մարդկութիւնը առաջնորդելու համար յաւիտենական կեանք, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք Յիսուս Քրիստոսի նման Հայր Աստուծոյ կամքը կը կատարեն երկրի վրայ եւ Աստուծոյ Միածին Որդին կ՛ընդունին իբրեւ իրենց կեանքի գերագոյն առաջնորդը, իրաւունքը ունենան երկնքի մէջ վերամիանալու Երկնաւոր Հօր եւ ապրելու յաւիտենութեան մէջ:

Անդրադառնալով երկնքի արքայութիւնը ժառանգելու Աստուծոյ պայմանին մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ ըստ աստուածաշնչեան ճշմարտութեան՝ մանուկներո՛ւն է երկնքի արքայութիւնը, ապա իր խօսքը շարունակեց՝ հարցադրելով, թէ՝ «ինչպէ՞ս կրնանք մենք՝ մեծերս, մանուկներու պէս ըլլալ»: Իբրեւ պատասխան՝ Սրբազան Հայրը մէջբերեց Պօղոս Առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Եղբայրնե՛ր, միտքով երեխայ մի՛ ըլլաք. Երեխաներու պէս եղէք միայն չարիք խորհելու մէջ. Իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք» (Ա. Կր 14.20): Այդ մէկը կարելի կ՛ըլլայ մանուկներուն յատկանիշները մեր կեանքին մէջ ունենալով, այսինքն՝ ըլլալով խոնարհ, համեստ, ան-եսական, առանց մեծամտութեան ու յոխորտանքի ու մանաւանդ՝ մեր կեանքը վարելով Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն, մանաւանդ հեռու մնալով փառասիրութենէ եւ նիւթական աշխարհի գերին դառնալու մղող տեսակ-տեսակ մեղքերէ ու մեղաւոր ապրելակերպերէ:

ԷՐԻՔ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ 2026 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ-ԿՆՔԱՀԱՅՐ

Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան, Աստուածայայտնութեան տօնը նաեւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը, զոր, յետ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութեամբ եւ շնորհաւորեց բոլոր Աւետիս, Կարապետ եւ Մկրտիչ անունները կրողները։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող կնքահօր տիպարին, ընդգծեց Կնքահօր պարտականութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ որպէս հոգեւոր հայր մկրտուածին քրիստոնէական Դերակատարութեան մէջ եւ այս առիթով, ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Էրիք Իսրայէլեան, ընդառաջելով Սրբազան Հօր փափաքին, յանձն առած է Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան 2026 տարուան հովանաւոր-կնքահայրութիւնը։

Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց եւ շնորհաւորեց Ս. Մկրտութեան արարողութեան կնքահայր՝ փոքրիկն Սեւակ Քըրքճեանն ու իր ծնողները, նաեւ բոլոր այն ծնողներն ու մեծ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներն ու թոռնիկները Հայ Եկեղեցի կ՛առաջնորդեն եւ զանոնք կը դաստիարակեն աստուածահաճոյ ապրելակերպի հիմնական սկզբունքներով:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս Ս. Ծննդեան շնորհաւորանքներ եւ հայրական օրհնութիւններ փոխանցեց դահլիճը լեցուցած հաւատացեալներուն, որոնք յոտնկայս եւ երգեցիկ խումբի առաջնորդութեամբ միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը, ապա շարականներու երգեցողութեան ներքոյ մեկնեցան իրենց տուները՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդով ու երկնային օրհնութիւններով առլցուն:

Close Menu

Categories