
«Կը Խոնարհիմ՝ Արեւմտեան Թեմի Մեր Ժողովուրդի
Բարերար Ոգիին Առաջ», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական ընթրիք»ը, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու, հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական կառոյցներու եւ մեր ծխական շրջաններու, Ազգային վարժարաններու ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հարազատներու եւ բարերարներու:
Մօտաւորապէս 500 հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս տարուան ընթրիքը եւս կազմակերպուած էր Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կողմէ:
Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջարկին ընդառաջելով ստանձնած էին 2026 տարուան Ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորութիւնը, ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ համահայկական բարերար եւ եկեղեցաշէն ազգային գործիչ՝ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի:
Հրաւիրեալներու շարքին էին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Թեմի անդամներ՝ տեարք Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէթլեան, Արեւմտեան Թեմի Կրօնական ժողովը, Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. Վարչութիւնն ու ենթակայ մարմիններ, ծուխերու հոգաբարձութիւններ, Խնամակալ մարմինն ու Ազգ. վարժարաններու տնօրէններ, պատասխանատուներ եւ Ուսումնական մարմիններ, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կրթական, միութենական կառոյցներու ղեկավարներ:
Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան արտասանեց բացման խօսք եւ հանդիսութիւնը վարեց ձեռնհասութեամբ: Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Վանիա Պապիկեանի բարի գալուստի խօսքին յաջորդեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Հոգեւորականաց դասուն սրահ մուտքը, որ կատարուեցաւ շարականներու երգեցողութեամբ՝ հոգեւոր մթնոլորտ սփռելով չորսդին եւ ամբողջ սրահը լեցնելով Ս. Ծննդեան խորհուրդով:
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան միահամուռ աւետիսին յաջորդեց թաթախի արարողութիւնը: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւն, ապա ներկաները խանդավառութեամբ դիտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետական պատգամը ընդգրկող տեսերիզ, ուր Վեհափառ Հայրապետը՝ անցեալ տարուան վերջին ամիսներուն Արեւմտեան Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ իր դրական տպաւորութիւնները կը փոխանցէր ներկաներուն՝ իր խօսքը աւարտելով հետեւեալ հաստատումներով.
«Կրնամ անվարան ըսել՝ «եկայ, տեսայ եւ յաղթեցի»: Արդարեւ, մենք միասի՛ն յաղթեցինք, ու միասի՛ն յաղթահարեցինք անցեալի դժուարութիւնները: Եւ սա պահուն մեր առջեւ բացուած է ընելիքներու հսկայ դաշտ մը. եկէ՛ք, ըսելիքներով ու քննադատութիւններով մեր ժամանակը չվատնենք, այլ ընելիքներով մեր ժամանակը հարստացնենք: Ու որքան բազմազան ու այլազան են մեր ընելիքները՝ դպրոցներէն սկսեալ մինչեւ եկեղեցիներ, նոր Հոգեւոր հայրերու կարիքէն սկսեալ մինչեւ երիտասարդութիւն: Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ մեր Սուրբ Աթոռը կը մնայ ձեր կողքին, մի՛շտ զօրակից ու գործակից ձեզի»:
Այնուհետեւ, Ազգային վարչութեան անունով՝ անգլերէնով խօսք արտասանեց փոխ ատենապետ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան, ապա, նախքան Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, ներկայացուց հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի կենսագրականը, ուր յստակօրէն ուրուագծուած էին համահայկական բարերարի ազգաշէն ու եկեղեցանուէր նկարագիրը, գործունէութիւնն ու վաստակը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը լեցուն էր բազմապիսի գնահատականներով: Ան իր խօսքը սկսաւ սիրալիր ողջոյնով մը, որմէ ետք մեծ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, Արեւմտեան Թեմի ծրագիրներուն իրենց բերած նպաստին ու ցուցաբերած ծառայութեան համար, այլեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն Վեհափառ Հօր՝ Արեւմտեան Թեմին շնորհած Հայրապետական այցելութեան առիթով բոլորին լաւագոյնս կազմակերպման համար եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գաղութային այդ օրերու կեանքին, ժողովրդական բոլոր խաւերու մասնակցութեան կարեւորութեան, ապա ի լուր բոլորին՝ ան բարձր գնահատեց Քրեսենթա Հովիտի մէջ գործող Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան միջնակարգ վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ տնօրէնութիւն, անձնակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողներ, Ամերիկայի դաշնակցային պետութեան կրթական բարձրագոյն Մարմինի կողմէ “Blue Ribbon”-ի արժանացած ըլլալուն համար:
Կրկնելով իր գնահատական խօսքերն ու շնորհաւորութիւնները Արեւմտեան Թեմի մարդկային ներուժի հասցէին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս գաղութի հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ժողովրդային մասնակցութեան ու բարերարներու զօրակցութեան ամէնէն հաւաստի գնահատականը նկատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի գրաւոր եւ բանաւոր շնորհակալութիւնը եւ տեսերիզի ճամբով անոր արտաբերած բարձր տրամադրութիւնները՝ Արեւմտեան Թեմի բոլոր բջիջներուն ու մարմիններուն նկատմամբ՝ դիտել տալով, որ Արեւմտեան Թեմի 2-րդ “Blue Ribbon”-ը շնորհեց Վեհափառ Հայրապետը իր արտասանած բարձր գանահատանքներով, ապա իր անձնական վկայութեամբ աւելցուց, որ «ժամանակին լսողաց էինք այս գաղութի բարերարութեան, երբ Առաջնորդ եղայ՝ ձեր գործունէութեան դրոշմն ու հետքը տեսայ, իսկ երբ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց, ես արդէն անձնապէս վկայեցի ձեր բոլորին նուիրեալ ծառայութեան եւ անսակարկ նուիրուածութեան մասին, ուրեմն եւ՝ ես կը խոնարհիմ «բարերար» այս գաղութին առջեւ եւ հատիկ-հատիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին»:
Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգլերէնով գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ սրահին մէջ ներկայ Forest Lawn-ի հոգաբարձական մարմինին, ինչպէս նաեւ՝ Ընթրիքի գլխաւոր հովանաւոր Սողոմոնեան զոյգին եւ իրենց եղբօր՝ Հրայրին, «որուն յիշատակը անմոռանալի պիտի մնայ համահայկական մեր կեանքին մէջ», ըսելով: Նաեւ, երախտագիտութիւն խօսք ուղղեց Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հայրերուն, Ազգ. վարչութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, միութիւններ եւ մարմիններ, իսկ իր ջերմ ու խանդավառ մեծագոյն շնորհակալութիւնը ան յայտնեց համայն գաղութի բոլոր զաւակներուն եւ Հայրապետական այցելութենէն քիչ անց կազմակերպուած սոյն ձեռնարկի յաջողութեան ակնարկելով՝ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է լուռ մնալ եւ ձեր բոլորին բարերար ոգիին առաջ չխորնարհիլ»:
Այնուհետեւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս ուրախութեամբ յայտարարեց Տիար Էրիք Իսրայէլեանը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան 2026 տարեշրջանի հովանաւոր-կնքահայր, ապա ներկաներուն փոխանցեց, որ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ստեղծուած աւանդութեան համաձայն, 2026-տարին կը հռչակուի «Հոգեւոր վերանորոգման տարի»:
Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նշեց, որ իր կողմէ յատուկ ճիգ տարուած է՝ բարձրացնելու համար Ընթրիքի մասնակից երիտասարդներուն թիւը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սեղաններու շուրջ բոլորուած երիտասարդներուն, իրենց ներկայութեան համար, ապա Արեւմտեան Թեմի կարեւորութիւնը շեշտելով՝ ան Ազգ. Առաջնորդարանի անունով կատարուած հսկայական աշխատանքը գնահատելով «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ընթրիք»ը որակեց՝ «համայնքի միատեղման եւ միաբանութեան զարկերակ», ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ միշտ առողջ ու կենդանի պահել այս զարկերակը, որպէսզի ամբողջ համայնքը շարունակէ իր երթը՝ իբրեւ հզօր, ամուր, միաբան եւ նոր տեսիլներով հրավառ հայկական կազմակերպուած «բարերար» գաղութ:
Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հրաւիրեց ընթրիքի գլխաւոր բարերար ամոլ՝ Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններն ու Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանը եւ բարերար զոյգին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը, իր գնահատանքին ընդմէջէն նաեւ մեծ երախտիքով պանծացնելով մեծանուն Հրայր Սողոմոնեանի անմեռ յիշատակը, ապա ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու «Կիլիկիա» քայլերգը:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով, երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին արուեստագէտ Ռուբէն Յարութիւնեան եւ իր խումբը:



























































































