Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Լոս Անճելըսի Ազգ. Վարժարաններու Հանդէսները Հասան Իրենց Լրումին

By June 20, 2025No Comments

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԱԶԳ. ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԱՆՈՅՇ ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի տնօրինումով՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Մկրտիչ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղան Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահին մէջ երեք հանգրուանով կատարուող Մանկապարտէզի, Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի ամավերջի վկայականներու բաշխման հանդիսութեանց:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10-ին վկայականներ ստացան վարժարանի կրտսերագոյն բաժնի՝ Մանկապարտէզի շրջանաւարտ փոքրիկները, ժամը 12:30-ին՝ Նախակրթարանի (6-րդ դասարան) շրջանաւարտ պատանիները՝ աղօթքներովը երկու քահանայ հայրերուն, իսկ ժամը 2:30-ին՝ վարժարանի Միջնակարգ բաժնի շրջանաւարտները՝ աղօթքով Հայր Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի: Հայր Զարեհ Սարգիսեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով օրհնեց ու գնահատեց յիսնամեայ յոբելեար Ազգ. Շամլեան վարժարանի մեծ ընտանիքին բոլոր բաղադրիչները, շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները, որոնք կոչուեցան Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի 50-ամեակի սերունդ:

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ԱԶԳ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՅԱՍՄԻԿ ԹԱՒԼԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ -ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ, շրջանի Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկապարտէզի սիրասուն փոքրիկները իրենց կեանքի առաջին վկայականները ստացան ձեռամբ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժանապատիւ Տէր Հայրը շնորհաւորեց եւ օրհնեց շրջանաւարտ ձագուկներն ու իրենց ծնողները, ապա աւուր պատշաճի գնահատեց Մանկամսուր-Մանկապարտէզի վարիչը, պատասխանատուներն ու իրենց շրջանի կրթական ու ազգային կեանքի բարգաւաճման նուիրուած բոլոր անդամները:

ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐԻ ԳԱՊԱՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ին, կ. ե. ժամը 2-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ազգ. Մարի Գապայեան վարժարանի զոյգ բաժինները՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, տուին իրենց բարեբեր հունձքը եւ շրջանաւարտները ստացան համապատասխան վկայականներ, ձեռամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի: Արժանապատիւ Տէր Հայրը, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատեց ժրաջան աշխատանքը շրջանաւարտ երկու խումբերուն եւ այս առիթով դրուատեց ծնողները, վարժարանի տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը, վարժարանի մեծ ընտանիքն ու համայնքի նուիրեալ ազգայինները եւ հայրական օրհնութիւններ բաշխեց բոլորին՝ բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն իրենց կեանքի յաջորդ հանգրուանին մէջ:

Close Menu

Categories