Skip to main content
search

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի՝ լիբանանահայութեան զօրավիգ կանգնելու համար մեզի ուղղուած կոչին ընդառաջ, այսու պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարենք մեր նախագահութեամբ եւ Ազգային վարչութեան կազմա-կերպութեամբ իրականացուելիք զօրակցական դրամահաւաքը, որ կը միտի ըստ կարելւոյն լրացնել՝ աւելի քան տարիէ մը ի վեր տնտեսական, համաճարակային եւ ապրուստի դժնդակ պայմաններու տակ գտնուող Լիբանանի հայութեան մարդասիրական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական կարիքները:

Իբրեւ Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի՝ ներկայ գիրով սրտագինս կոչ կ՛ուղղենք մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն, հոգաբարձական կազմերուն, Ազգային երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութիւններուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսումնական մարմիններուն, Թեմի բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ համայն հաւատացեալ ժողովրդեան, որ իրենց առաւելագոյն կարելին ի գործ դնեն եւ մարդասիրական ձեռք երկարեն Լիբանանի հայութեան՝ «ձեռքս ձեռքի՛դ մէջ, լիբանանահայ եղբայր» նշանաբանով:

Զայս կը խնդրենք պահանջելու պէս եւ կը պահանջենք իբրեւ խնդրանք, որպէսզի յառաջիկայ երեք շաբաթներու ընթացքին նշանակալից գումարով մը հաւաքաբար զօրավիգ կանգնինք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Աստուածաշունչ խօսքով՝ «Մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներու» (Եբր. 13.16):

Հանգանակուած գումարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով պիտի փոխանցուի Լիբանանի Ազգ. Առաջնորդարանին, առ ի տնօրինում գործոց բարեաց յաջողութեան:

ԾԱՆՕԹ.- Զօրակցական նուիրատուութիւնները մինչեւ Օգոստոսի վերջ կարելի փութով հասցնել Ազգային Առաջնորդարան՝ վճարագրով (Check – Make CHECKS PAYABLE TO WESTERN PRELACY), անձամբ կամ նամակատարով (Western Prelacy 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):

Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

 

Close Menu

Categories