
Շաբաթ, 31 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց եւ սրտագին պատգամ փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աւարտական 12-րդ կարգի աշակերտութեան ամավերջի հանդէսին, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, համայնքային կեանքի ներկայացուցիչներ, եկեղեցական համալիրի մեծ ընտանիքը, ծնողներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ հիւրեր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայկական վարժարաններու դերին կարեւորութիւնը ազգի ու համայնքի կեանքէն ներս՝ դիտել տալով, որ հայկական իւրաքանչիւր վարժարան իւրայատուկ հնոց մըն է, ուր հայօրէն կը թրծուին մատղաշ սերունդներ, եւ հասակ կ՛առնեն հայկականութեամբ տոգորուն տղաք ու աղջիկներ, որոնք համայնքային կեանքէն ներս հետագային կը վառեն նոր լոյսեր՝ աւելցնելով, որ «մեր հայկական վարժարանները կը հանդիսանան մեր գաղութի ողնասիւնը»: Լայնօրէն բացատրելէ ետք այս միտքը, ան նաեւ գնահատեց ու շնորհաւորեց վարժարանի մեծ ընտանիքը, շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, ապա կատարեց վկայականներու բաշխում: