
Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, Տաղլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանի հիմնադրութեան 60-ամեակի ճաշկերոյթ-կալան, որուն՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի քաղաքէ բացակայութեան, ներկայ գտնուեցաւ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան:
Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ՝ Տիար Սարգիս Թաթիկեան եւ Տիկինը, ինչպէս նաեւ վարժարանի մեծ ընտանիքը, պատկան մարմիններու եւ շրջանի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, հին ու նոր շրջանաւարտներ, ծնողներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ վարժարանի բարօրութեան համար կամաւոր աշխատողներ ու հիւրերու հոծ բազմութիւն մը:
Հայր Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկաներուն փոխանցեց շնորհաւորական ու գնահատանքի սրտի խօսք՝ շեշտելով ազգային արժէքը շրջանի հայութեան ջանքերով եւ բոլորին հոգածութեամբ 60 տարիէ ի վեր անխափան շարունակուող եւ տեղւոյն հայ բնակչութեան ու սերունդներու աչքին լոյսը հանդիսացող վարժարանին, որ հայ-քրիստոնեայ մատղաշ սերունդներուն հարազատ տունը կը հանդիսանայ ընտանեկան յարկէն ետք, որովհետեւ ամերիկեան այս ափին, ազգային եւ կրթական Մեսրոպեան վարժարանը կը գործէ հայ ազգի ոգեղէն արժէքները, ազգային կրթութեան հիմքերն ու հայկական մշակոյթի նկարագիրը վառ պահելու սկզբունքով, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է ըսաւ ան, ապա սրահը լեցուցած յոբելեար վարժարանի պատասխանատուներուն, ծնողներուն ու աշակերտութեան փոխանցեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի ջերմ ողջոյններն ու առաւել բարգաւաճման եւ հզօրացման ուղղուած սրտագին մաղթանքները:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այդ օր կը գտնուէր Վատիկան, Հռոմ եւ մաս կը կազմէր Կաթողիկէ նորընտիր Պապը շնորհաւորելու նպատակով Վատիկան մեկնած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան, բարձր տնօրինումով Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյ Սրբազնագոյն Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի: