
Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց, եւ մատաղօրհնէք կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ:
Հոծ թիւով հաւատացեալներու շարքին էին, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, անդամ՝ Տիար Գալուստ Յակոբեան, Արեւմտեան Թեմի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան, Տեարք Վահէ Կարապետեան եւ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան, շրջանի պատկան մարմինի անդամներ, ՀՕՄ-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչական կազմերը, տեղւոյն Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնուհին եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ ու բարեկամներ:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ ընթերցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի կնիքը կրող 2026 տարուան Հռչակագիրը, որով ան ընթացիկ տարեշրջանը կը հռչակէ «Հոգեւոր վերանորգումի տարի»:
Յընթացս Ս. Պատարագի, Գեղամ Արեպիսկոպոս կատարեց մատաղի օրհնութիւն եւ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով շնորհաւորեց Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ Յովհաննէս, Կարապետ, Մկրտիչ անունները կրողները, ինչպէս նաեւ իր սրտագին մաղթանքներով խրախուսեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, իրենց ծառայութեան մէջ ամուր ու անսասան մնալու թելադրանքով:
Յետ արարողութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր շքախումբով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ եւ գլխաւորեց տօնին առիթով պատրաստուած Սիրոյ սեղանը՝ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հաց կիսելով Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ ծառայասէր զաւակներուն հետ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հոլիվուտի եկեղեցական ու ազգային կեանքի բարելաւման մէջ անսակարկ ծառայութիւն եւ նիւթաբարոյական ներդրում ունեցած բոլոր կամաւորներն ու բարերարները, ապա, ըստ եկեղեցւոյ աւանդութեան, օրհնութեան յատուկ գիր շնորհեց շրջանի նուիրեալ ազգայիններէն Տիար Մեսրոպ Աբրահամեանի, առ ի գնահատանք անոր աւելի քան քառասուն տարուան եկեղեցաշէն ծառայութեան եւ հայանուէր գործունէութեան, մինչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը յուշատախտակով մը պատուեց վաստակաւոր նուիրեալը:
Յայտնենք, որ մտերմիկ այս պահը գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով ճոխացուցին եկեղեցւոյ կից գործող Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները:
Տօնակատարութիւնը եզրափակուեցաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի «Պահպանիչ»ով ու հայրական օրհնութիւններով:
















































