
Շաբաթ, 7 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի երկրոդական կարգի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամ Տիար Ճէք Հաճինեան, վարժարանի մեծ ընտանիքը, ծնողներ, հարազատներ, բարերարներ եւ հիւրեր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շնորհաւորեց Մոնթեպելլոյի հայ համայնքը՝ հայադրոշմ Ազգ. Մեսրոպեանի վարժարանի 60-րդ տարեդարձին առիթով, ապա գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան, կրթական մշակներուն եւ պաշտօնէութեան բծախնդիր աշխատանքը՝ հայկական վարժարանի ոգին եւ կրթական մակարդակը բարձր պահելու առումով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութի բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայկական վարժարաններուն, ապա երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ այն բոլոր բարերար եւ կամաւոր ձեռքերուն, որոնք կը շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական հոգածութիւնը ցուցաբերել հայեցի դաստիարակութեան տէր ազգայնաշունչ դարբնոց-վարժարաններուն:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր առաջնորդական խօսքը ուղղելով սիրասուն շրջանաւարտներուն՝ հայրաբար ըսաւ. «Ձեր վկայականները ոչ միայն աւելի քան 12-ամեայ ձեր կրթական աշխատանքի արդար վաստակին ապացոյցն են, այլեւ անոնք դարերու խորքէն ձեզի կը բերեն հայ առաջին եւ մեծագոյն ուսուցիչ՝ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի կողմէ 1625 տարի առաջ ստեղծուած հայկական առաջին դպրանոցի խորհրդանշական դրոշմը, որ ձեր բոլորին էութիւնը կը գեղազարդէ ազգային պատկանելիութեամբ եւ հայկական ինքնութեամբ, իսկ այսօր՝ իբրեւ մեսրոպաստեղծ հայ դպրոցի ոգեղէն աւանդներուն արժանաւոր ժառանգորդները, դուք կը վկայուիք Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն», ապա կատարեց վկայականներու բաշխում:
- Screenshot