Գլխաւոր Լուրեր

Առ Յաջակցութիւն Նորընտիր Առաջնորդին Տէր Եւ Տիկին Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան 15 Հազար Տոլար Կը Նուիրեն Ազգային Առաջնորդարանին

By December 4, 2020June 2nd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր ազնիւ Տիկնոջ՝ Սաթիկի: Անոնք նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց անկեղծ բարեմաղթութիւնները, զօրակցութիւն յայտնեցին եւ այս առիթով Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեցին 15 հազար տոլար, Սրբազան Հօր ծառայական նոր ծրագիրներու իրականացման համար: