
Ուրբաթ, 15 Օգոստոս 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի Հայ Տարեցներու Արարատ Տուն եւ իր ջերմագին աղօթքներով ու բարեմաղթութիւններով լեցուց վաստակաւոր հայ պապիկ-մամիկներուն սրտերը՝ իր խօսքին մէջ դիտել տալով, որ հայ տարեցներն են հիմնաքարը հայ հոգեւոր-բարեպաշտական աւանդութիւններու սերունդէ-սերունդ փոխանցման եւ իբրեւ ազգային արժէքներ շարունակման: Հոգեւոր հայրերու խորհրդաւոր երգեցողութեամբ ստեղծուած աղօթական պահը եզրափակուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութեամբ:
Արարատ Տան մեծահասակ բնակիչները սիրով ու ակնածանքով հետեւեցան արարողութեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացատրութիւններուն՝ Ս. Կոյս Մարիամի երկինք յափշտակման հոգեւոր տօնը խորհրդանշող խաղողօրհնէքի ու հին Հայաստանի մէջ արքայական պտուղ համարուող խաղողի ներկայացուցած իմաստին ու բուժիչ յատկութեանց մասին: Արդարեւ, համայն մարդկութեան հոգեւոր մօր՝ Ս. Կոյս Մարիամի երկինք վերափոխման տօնը ընդհանրապէս հայ մարդուն ու յատկապէս հայ տարեցներուն համար հոգեւոր սնունդ ու բալասան է, երկնքի արքայութեան հետ առնչուելու շքեղ արարողութիւն, նշեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ սիրով առիթ տուաւ վաստակի տիրացած հայ մամիկ-պապիկներուն, որ իրենց կարգին արտայայտուին:
Այնուհետեւ, տարեցներէն շատեր հանդէս եկան շնորհակալական սիրալիր արտայայտութիւններով՝ ուղղուած Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր սպասարկուներուն, իրենց խօսքը յաճախ նաեւ համեմելով անցեալի քաղցր յուշերով:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց Արարատ Տան անձնակազմն ու իրենց կեանքի վերջալուսային հանգիստին տրամադրուած հայ մեծ ծնողներն ու տարեցները, որոնց փոխանցեց նաեւ իր հայրական օրհնութիւններն ու առողջութեան եւ երկարակեցութեան բարի բաղձանքները: