Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Արեւմտեան Թեմէն Ներս Նշուեցաւ Փառահեղօրէն – Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

By August 29, 2025No Comments

Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս փառաշուք կերպով նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի երկրային մօր՝ Ս. Կոյս Մարիամի դէպի երկինք վերափոխման տօնը: Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցան մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք, նորոգ կեանքի աւիւնով լեցնելով բազմաթիւ հաւատացեալներու սրտեր:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այս առիթով հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տիրամօր անունը կրող Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ աղօթասացութեամբ նաեւ օրհնեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պատրաստուած մատաղն ու Մարիամ Կոյսի դէպի երկինք յափշտակման տօնին առիթով՝ եկեղեցասէր ազգայիններու կողմէ Աստուծոյ տան նուիրաբերուած խաղողի բերքը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, եւ հովիւներ՝ Արժ. Տ. Մկրտիչ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեանի եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի:

Եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներու շարքին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, Տեարք Ռոնի Ղարիպեան եւ Յովիկ Պետեւեան:

Յընթացս Ս. Պատարագի արտասանած իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ վեր առաւ տօնին նշանակութիւնը՝ բացատրելով, որ Կոյս Մարիամէն Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս աշխարհի վրայ՝ առանցքը կը կազմէ առանցքը աստուածային ծրագիրին, իսկ Աստուածամօր ննջումէն ետք անոր երկինք փոխադրութիւնը իր զաւկին՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, կարեւոր ցուցանիշ մըն է՝ նաեւ համայն մարդկութեան մայրը կոչուած Տիրամօր նկատմամբ երկնաբնակներու տածած իւրայատուկ սիրոյն ու յարգանքին, «որոնց հիմամբ հողեղէնը ոգեղէններուն հետ դասուեցաւ վերը, այսինքն՝ երկրայինը երկնայիններուն շարքին մէջ կանգնեցաւ, շնորհիւ Կոյս Մարիամի՝ տիեզերքի Արարիչին նկատմամբ ցուցաբերած անսահման հնազանդութեան եւ Աստուծոյ խօսքը հաւատքո՛վ գործադրելու անզիջող հաւատարմութեան»:

Մանրամասնելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւելցուց. «Աստուածամօր տիպարը ե՛ւ երկինքի կողմէ, ե՛ւ ընդհանրական եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան մէջ արժանացած է մեծագոյն պատիւի՝ շնորհիւ Ս. Կոյսին հոգեւոր ու մարդկային յատկանիշներուն, որոնք կը կոչուին սրբութիւն, կուսութիւն, համեստութիւն, ու մանաւանդ՝ Աստուծոյ կամքին նկատմամբ հնազանդութիւն» եւ ընդգծեց, որ Յիսուս Քրիստոս եւ Ս. Աստուածածին ոչ թէ անցեալին պատկանող պատմական դէմքեր են, այլ անոնք քրիստոնէութեան հիմնաքարերն են եւ հաւատացեալ մարդուն ներկան ու ապագան կը լուսաւորեն, անոր կեա՛նքը կ՛իմաստաւորեն:

Յետ արարողութեան, սրահը լեցուցած հաւատացեալները երկիւղածութեամբ ստացան Ս. Հաղորդութիւն, ապա իրենց տուները տարին օրհնուած մատաղ ու խաղող, իրենց ընտանեկան յարկերը լեցնելով բարեպաշտական աւանդութիւններու նկատմամբ հաւատարմութեամբ ու ազգային եւ հոգեւոր աւանդութիւնները սերունդէ սերունդ ապրեցնելու նախանձախնդրութեամբ, այնպէս ինչպէս թելադրեց ընել Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին՝ շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու բոլորին յղելով իր հայրական օրհնութիւնները:

Close Menu

Categories