
Արարատ տունը ծանօթ է Քալիֆորնիոյ եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայութեան: Ան հանգստեան կոչուած մեր հայրերուն ու մայրերուն լաւ խնամք ու լայն կարելիութիւններ ընծայող կեդրոն մըն է եւ միշտ արժանի եղած է բոլորին դրուատիքին, նաեւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրական օրհնութեան ու գնահատանքին: Ի դէպ, ամէն անգամ որ Նորին Սրբութիւնը այցելած է Լոս Անճելըս, պարտականութիւն նկատած է անպայմանօրէն այցելել Արարատ տուն, մօտէն տեղեակ ըլլալ հոն կատարուող աշխատանքներուն եւ իր հայրապետական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցել տան բնակիչներուն, հոգաբարձութեան եւ խնամատար բժիշկներուն ու բուժքոյրերուն:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ այցելեց Արարատ տուն, իրեն ընկերակցող հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան եւ զանազան մարմիններու անդամները:
Ատենապետը բարի գալուստի խօսք ուղղելով Վեհափառ Հայրապետին՝ ըսաւ, թէ Արարատ տան բնակիչներուն, խնամակալութեան եւ պաշտօնէութեան համար պատիւ ու հրճուանք է Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս դիմաւորել ազգին այս հարազատ տան մէջ: «Ձեր իւրաքանչիւր այցելութիւնը մեզի համար խթան կը հանդիսանայ՝ վերանորոգ թափով շարունակելու մեզի վստահուած այս քաղցր պարտականութիւնը։ Ձեր օրհնաբեր այցելութիւնը ու պատգամները եղած են ու միշտ պիտի ըլլան ներշնչող ու ուղենշային», յայտնեց ան։
Արարատ տան բնակիչներէն ոմանք ողջոյնի ու բարի գալստեան խօսքեր արտասանեցին Վեհափառ Հայրապետին։ Անոնք իրենց խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան՝ անոր շնորհած հոգեպարար այցելութեան առիթով։ «Արարատ տան ողջ պաշտօնէութիւնն ու բնակիչները՝ մեծահասակներս, աննկարագրելի ցնծութեան մէջ ենք։ Ուստի, Ձերդ Նորին Սրբութեան կը յղենք բոլորիս սիրատոչոր բարեմաղթանքները՝ երկարակեցութեան, արեւշատութեան ու անսասանութեան. առաւել, մեր խորին ակնածանքը, ծափողջոյններն ու շնորհաւորանքները, մասնաւորաբար ձեր երեսնամեայ կաթողիկոսական գահակալութեան զմայլելի, գովերգելի տարեդարձին պանծալի առիթով»։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայրապետը օրհնեց հաց, աղ եւ ջուր։
Հոգեպարար արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը, իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով ներկաներուն, ըսաւ՝ «Ինծի համար հոգեկան յատուկ ուրախութիւն է դարձեալ ըլլալ Արարատ տան մէջ: Վայր մը, որ լեցուն է սիրով, խնամքով, հոգածութեամբ ու ծառայութեամբ: Քրիստոնէական արժէքները այս տան մէջ միշտ եղած են կենդանի ներկայութիւն: Հոգաբարձութիւն, տնօրէնութիւն, բժշկական կազմ, բուժքոյրեր մէկ նպատակ ունին՝ ծառայել հանգստեան կոչուած մեր հայրերուն ու մայրերուն: Արարատ տան կողմէ կատարուող ծառայութիւնը երբեք սովորական ծառայութիւն չէ եղած, այլ՝ սիրով ու հոգածութեամբ լեցուն ծառայութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ այս տունը մեր ժողովուրդի զաւակներուն յարգանքին ու գնահատանքին արժանի եղած է միշտ: Այս առիթով, իմ հայրապետական բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ բոլոր այն մարմիններուն ու անձերուն, ներկայ թէ՛ բացակայ, որոնք զանազան կերպերով կը ծառայեն մեր հայրերուն ու մայրերուն: Կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեր բոլորին առողջութիւն, երջանկութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ եւ Արարատ տունը միշտ պահէ տոկուն՝ իբրեւ սիրոյ, խնամքի ու ծառայութեան տուն»:
Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Արարատ տան խնամակալութիւնը սիրոյ սեղան մը շուրջ համախմբեց պաշտօնէութիւնը՝ ի պատիւ Նորին Սուրբ Օծութեան։
























