
Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմի բարերար, շքանշանակիր Տիար Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանի եւ այս առիթով, հիւրին յանձնեց հայրապետական կոնդակի իր օրինակը, զոր շնորհուած էր «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանի ստացման առիթով:
Փոխադարձ ջերմ ողջոյններէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան ծրագիրի այս տարեշրջանի կնքահայր Իսրայէլեանի հետ, ապա միատեղ քննարկուեցան՝ յիշեալ ծրագիրի առաւել եւս մշակման եւ համայնքային կեանքէն ներս հոգեւոր ու կրթական կեանքի վերաշխուժացման կարելիութիւնները, յօգուտ նոր սերունդի զաւակներուն հայ- քրիստոնէական դիմագիծի անաղարտ պահպանման եւ հաւատքի ամրապնդման:






