Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հայ Տարեցներու «Արարատ Տուն» Ս. Զատկուան Այցելութիւն

By April 30, 2026No Comments

Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի տնօրինութեամբ, ամէնամեայ աւանդութեան համաձայն, Ս. Զատկուան տօնին առիթով, հայ տարեցներու Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն» այցելեցին Արժ. Հոգեւոր Հայրեր՝ Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, որոնք հայ տարեցները խանդավառեցին Ս. Զատկուան եւ Յարութեան երգերով ու տօնական մթնոլորտով:

Հոգեւոր հայրերը ուրախութեամբ ընդունուեցան հայ տարեցներ պատսպարող կառոյցի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար իրաւաբան Ճոզէֆ Կանիմեանի եւ պատասխանատու՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեանի կողմէ: Անոնք նախ այցելեցին կառոյցի հիւանդանոցային բաժինը եւ կատարեցին տնօրհնէք, ապա՝ մնայուն բնակիչներու բաժինը, ուր հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն առողջութեան ու երկարակեցութեան բարեմաղթութիւններ ձօնեցին եւ շնորհաւորեցին բոլորին Ս. Զատիկը, ապա, յետ աղօթքներու ու շարականներու երգեցողութեան, վաստակաւոր հայ տարեց բնակիչներուն փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւններն ու Ս. Զատկուան շնորհաւորանքները:

Close Menu

Categories