
Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, ընկերակցութեամբ իր զաւկին՝ Դոկտ. Գարեգին Քիրազեանի եւ թոռնիկին՝ Արին Քիրազեանի, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազան հօր օրհնութիւնները հայցելու՝ Արինին դէպի Անթիլիասի Մայրավանք մեկնումի նախօրեակին:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս քաջալերական խօսքերով գնահատեց Արեւմտեան Թեմի հայութեան երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ՝ Արինի որոշումը, որ ըստ իր ներքին կոչումին, կը մեկնի Անթիլիասի Դպրեվանք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ծառայութեան պատրաստական դասընթացքներուն հետեւելու նպատակով:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատեց Քիրազեան գերդաստանի յաջորդական սերունդները, որոնք ծանօթ են Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքին մէջ իրենց ծառայութեամբ եւ նուիրուածութեամբ՝ Հալէպէն Հայաստան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Բերիոյ Թեմի Հոգելոյս Գարեգին Աւ. Քահանայ Քիրազեանէն մինչեւ ծոռը՝ Արինը, եւ յոյս յայտնեց, որ երիտասարդ Քիրազեան վարակիչ օրինակ կը հանդիսանայ նաեւ ամերիկածին հայ նոր սերունդի զաւակներուն, եւ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդ նուիրեալներու թիւը աճ կ՛արձանագրէ նաեւ Արեւմտեան Թեմի հայութեան կեանքին մէջ:
Իր բարեմաղթութիւններն ու հայրական օրհնութիւնները շնորհելով ուսանող Արին Քիրազեանի, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց նուիրեալ երիտասարդին եւ յորդորեց զայն՝ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ կամքի զօրութեամբ բարձրանալ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայական աստիճաններէն:
Յայտնենք, որ Արին Քիրազեան ծնած է 29 Նոյեմբեր 2008-ին, Կլենտէյլ: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ բժշկական թեքումով John F. Kennedy High School-էն ներս, պատուոյ յիշատակութեամբ:
Փոքր տարիքէն սկսեալ, Արին Քիրազեան իր ծառայութիւնը կը բերէ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. խորանին: Եղած է Հ.Մ.Ը.Մ. «Շանթ»ի աշխոյժ մարզիկ եւ ֆութպոլի խումբի մարզիչ: Ներկայիս, հեռակայ կարգով կը հետեւի Liberty University-ի աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման դասընթացքներուն եւ յաջորդող օրերուն կը մեկնի Լիբանան՝ մաս կազմելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ուսանողական փաղանգին:




