
Օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու Առաջնորդներուն, Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս սկիզբ կ՛առնէ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հերթական երկամեայ Հոգեւորականաց համագումարը, «Հոգեւոր վերանորոգում՝ ծառայութեան նոր շունչ» ընդհանուր խորագիրի ներքոյ:
Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցող երկօրեայ այս համագումարին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու Հոգեւոր հայրերը աղօթակից պիտի ըլլան եւ հանդէս գան Հայ Եկեղեցին յուզող հոգեւոր խորհրդածութիւններով՝ լուսարձակի տակ առնելով ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներն ու խոչընդոտները:


