Skip to main content
search
Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նախաձեռնութեամբ՝ “Շարական» Անունը Կրող Արական Երգչախումբի Հիմնում

By October 2, 2026No Comments

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախաձեռնութեամբ ու օրհնութեամբ, Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս հիմը դրուեցաւ «ՇԱՐԱԿԱՆ» արական երգչախումբին, որուն կրնան անդամագրուիլ Թեմիս ծխական եկեղեցիներու սարկաւագներ, դպիրներ, երգչախումբերու անդամներ եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը գնահատող նոր սերունդի զաւակներ:

«ՇԱՐԱԿԱՆ» արական երգչախումբի նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորէ Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրի այս տարուան հովանաւոր՝ Տիար Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան, որ ջերմապէս հաւատացողն է քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութեան, հայ նոր սերունդներու կեանքէն ներս:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հետեւեալ կէտերու մէջ ամփոփեց իր խորհրդածութիւնները.

Ա. Դարերու խորքէն մեր օրերը հասած Հայ Եկեղեցւոյ շարականներն ու տաղերը օր մը կրնան դատապարտուիլ անշքացման եւ մնան անհաղորդ՝ նոր սերունդի զաւակներուն, տրուած ըլլալով, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան մասնակցութիւնը կը սահմանափակուի միայն Ս. Պատարագներով, մինչդեռ, անոնցմէ անդին՝ ունինք հոգեւոր երաժշտութեան վիթխարի ժառանգութիւն:

Բ. Հայ Եկեղեցւոյ շարականական ժառանգութիւնը պէտք է ծանօթացնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Մեր կարծիքով՝ «ՇԱՐԱԿԱՆ» արական երգչախումբի հիմնումը պիտի նպաստէ Հայ Եկեղեցւոյ շարականները նոր սերունդներու զաւակներուն ուշադրութեան յանձնելու, զանոնք մեր երիտասարդներուն ուսուցանելու եւ մեր եկեղեցիներէն ներս մաքրամաքուր հնչեցնելու՝ որպէս հոգեւոր երաժշտութեան գանձեր եւ Հայ Եկեղեցւոյ ոգեղէն հարստութեանց մասնիկներ:

Գ. Աստուծոյ օրհնութեամբ, մենք նախաձեռնեցինք արական տարրերէ բաղկացած «ՇԱՐԱԿԱՆ» երգչախումբի հիմնադրման գործին, որպէսզի մօտիկ ապագային մեր համայնքային կեանքին մէջ նաեւ ունենանք հայ հոգեւոր երաժշտութեան մասին լայն ծանօթութիւն ունեցող շարականագէտ սերունդ մը եւ ինչո՛ւ չէ՝ սերունդներ:

Դ. Շարականագէտ սերունդ ունենալ կը նշանակէ՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս Ս. Պատարագն ու եկեղեցական տօներու հոգեւոր երգեցողութիւնը ծխական եկեղեցիներու դպրաց դասերուն կողմէ անթերի լսել եւ գեղարուեստական վայելք ստանալ հայկական շարականներու զուլալ եւ մաքրամաքուր մատուցումէն, նաեւ՝ մեր շարականներու սիրով վարակել մեր ժողովուրդի լայն խաւը եւ այդ սէրը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:

Ե. Որպէս հեռանկարային ծրագիր, մենք նախանձախնդիր ենք, որ «ՇԱՐԱԿԱՆ» արական երգչախումբը հոգեւոր բնոյթի համերգներով հանդէս գայ մեր գաղութին մէջ պարբերաբար եւ զանազան առիթներով, նաեւ իր նպաստը բերելով Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր կեանքի առաւել պայծառացման եւ ծաղկումին:

«ՇԱՐԱԿԱՆ» արական երգչախումբի ղեկավար նշանակուած է վաստակաւոր թենոր եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար՝ Տիար Պերճ Քիրազեան:

Յայտնենք, որ «ՇԱՐԱԿԱՆ» երգչախումբին անդամագրուիլ փափաքողները կրնան դիմել Արեւմտեան Թեմի իրենց շրջանի եկեղեցիներու Հոգեւոր հովիւներուն եւ կամ հեռաձայնել Ազգ. Առաջնորդարան (818-248-7737):

Close Menu

Categories