Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Լոս Անճելըսի Ոստիկանութեան Պետը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

By May 11, 2026No Comments

Ուրբաթ, 8 Մայիս 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնական դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Լոս Անճելըս գաւառի Ոստիկանութեան պետ՝ Տիար Ռապըրթ Լունայի, որուն կ՛ընկերակցէին անձնակազմի եւ ապահովութեան պատասխանատուներ: Հանդիպման նաեւ ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Ռոնի Ղարիպեան եւ Ճէք Հաճինեան:

Փոխադարձ ողջոյններէ ետք, շրջանի ապահովական վիճակի գլխաւոր պատասխանատուն նշեց, որ հանդիպումը կը նպատակադրէ մօտէն ծանօթանալ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր պետ՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոսին, ապա դրուատեց Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր եւ ժողովրդանուէր առաքելութիւնը եւ այս առիթով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընտրութիւնը իր պաշտօնին եւ իր ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց անոր:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, ուրախութիւն յայտնեց հիւրին այս հանդիպման համար եւ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց շրջանի Ոստիկանութեան ապահովական առաքելութիւնն ու մատուցած ընկերային ծառայութիւնները՝ Լոս Անճելըս գաւառի ժողովուրդին առողջ ու ապահով կեցութեան համար, ապա իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շրջանի Ոստիկանութեան հետ անվերապահ գործակցութեան:

Կողմերու միջեւ ծաւալած օգտաշատ զրոյցի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս զօրակցութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի Ոստիկանութեան ծրագիրներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր աշխատանքներուն, ապա իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Ոստիկանապետ Լունայի եւ իր ընկերակիցներուն:

Close Menu

Categories