
Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աւարտական 12-րդ կարգի թիւով 85 շրջանաւարտ աշակերտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան Խնամակալ մարմնի անդամներ, Հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեան եւ անձնակազմը, շրջանաւարտներու ծնողները, ընտանեկան պարագաներ եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտառուչ պատգամը լեցուն էր շնորհաւորական խօսքերով՝ ուղղուած վարժարանի մեծ ընտանիքին, շրջանաւարտ սերունդին, ծնողներուն, մեծ ծնողներուն եւ վարժարանի մարզասրահը լեցուցած բոլոր ներկաներուն:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս ուրախ առիթին գծով՝ դիտել տալով, որ այս բացառիկ պատեհութիւն է ո՛չ միայն կեանքի կարեւոր հանգրուան մը աւարտող եւ աւելի բարձր ուսման ձգտող 85 աշակերտներուն, այլեւ իրենց ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն համար, որոնք այսօր լեցուած են արդար հպարտութեամբ եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը վայելեն իրենց ջանասէր քրտինքին ու տարիներու յոգնութեան քաղցր պտուղը՝ իրենց հոգեհատորներուն հայկական վարժարանէ փայլուն արդիւնքով վկայուելու այս պահը եւ աւելցուց, որ նաեւ գաղութայի՛ն կեանքի ամէնէն խրախուսիչ պահերէն մէկն է այս:
Իր ջերմագին աչքալուսանքը ուղղելէ ետք շրջանաւարտ սերունդին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց հայ-քրիստոնէական պատկանելիութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը անշեղ պահելու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ այս սերունդը նաեւ ինքզինք պէտք է բախտաւոր եւ պատմական սերունդ համարէ այն բանին համար, որ մօտիկ անցեալին, հայրապետական 6-րդ այցելութեան առիթով, ուղղակիօրէն շփում ունեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով որ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աւարտական կարգի այս վկայականը աներկբայ հայելին է մեր աշակերտներուն հայկական ինքնութեան եւ մեծ ծնողներէ ժառանգուած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուող՝ ազգային պատկանելիութեան անկորնչելի կտակին:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Տիկին Նաշալեանի, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 2026 տարուան շրջանաւարտ սերունդի սիրասուն աշակերտներուն շնորհեց իրենց արժանի վկայականները եւ իր հայրական օրհնութիւններուն առընթեր, աւելի մեծ վկայականներու տիրացում եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոնց:
























