Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանի Հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագ Եւ Հանրապետական Մաղթանք

By June 5, 2026No Comments

Նորաօծ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Կարապետեան Անդրանիկ Պատարագ Մատոյց Եւ Քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

– Ս. Հաղորդութիւն Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. Վարժարանի Շրջանաւարտներուն

Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ յետ արարողութեան կատարեց Հանրապետական Մաղթանք:

Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ նորաօծ երիտասարդ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Կարապետեան, որուն կողքին Ս. խորանին ծառայեցին սարկաւագներ ու դպիրներ:

Ս. Արարողութեան ներկայ եղան Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան, Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւ կողակիցը՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, որ Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ է, Յարութիւն Քհնյ. Կարապետեանի քահանայական կնքահայր՝ Տէր եւ Տիկին Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ ամոլը, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու համայնքի զաւակները, ինչպէս նաեւ Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Լենա Կարապետեան, վարժարանի պատասխանատուներ, ուսուցիչներ եւ աւարտական 12-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, շրջանաւարտ աշակերտները խմբուեցան եկեղեցի եւ վկայականաց հանդիսութեան նախօրեակին Ս. Հաղորդութիւն ստացան՝ ձեռամբ նորոգ ձեռնադրեալ Քահանայ հօր, որ յետ հաղորդութեան, իր անդրանիկ պատգամը սկսաւ փառք տալով Երկնաւոր Հօր, որ զինք արժանացուց քահանայական այս պատասխանատու եւ սուրբ կոչման, ապա երախտագիտութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իրեն շնորհեց առիթ՝ քահանայագործելու Արեւմտեան Թեմէն ներս, նաեւ՝ զինք քահանայ օծելուն համար:

Շնորհակալական խօսքեր ուղղելով նաեւ Հոգեւոր հայրերուն, Հոգաբարձութեան, ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր ծառայող ձեռքերուն, եկեղեցւոյ նոր Քահանայ հայրը ըսաւ, որ իր անդրանիկ պատգամին բնաբանը վերցուցած է Ղուկասի Աւետարանի 4-րդ գլուխի 25-30 համարներէն, ուր Յիսուս Քրիստոս, Իր քառասնօրեայ ծոմապահութեան աւարտին, ժողովուրդին կը պատմէ Եղիա եւ Եղիսէ մարգարէներու հետ պատահած իրադարձութեանց մասին՝ բացատրելով, որ Աստուած, երբ վստահութիւն ու հաւատք չի գտներ իր ժողովուրդին մէջ, Իր երեսը դրացի ժողովուրդներուն կը դարձնէ: «Չի բաւեր միայն հաւատալ ու վստահիլ Աստուծոյ», ըսաւ Յարութիւն Քահանայ եւ ընդգծեց, որ վստահելով ու հաւատալով հանդերձ Աստուծոյ, մենք եւս մեր կարելին պէտք է ընենք եւ ցոյց տանք, որ կ՛աշխատինք եւ կը ճգնինք մեր բարի նպատակներուն իրականացման համար:

Խօսելով վստահութեան ու հաւատքի կերպին մասին, նորաօծ Քահանայ Հայրը մանրապատումներու ճամբով յորդորեց ներկաները Աստուծոյ նկատմամբ վստահութիւն ու հաւատք ունենալ մանուկներու նման, որոնք զիրենք պաշտպանող ու սիրող ծնողներուն նկատմամբ չունին կասկած եւ տարակուսանք, այլ անոնք ամբողջական հաւատքով կը փարին մեծերուն: Առ այս, ան թելադրեց ներկաներուն մանկական հաւատքով ու վստահութեամբ խօսիլ Աստուծոյ հետ, աղօթել Իրեն, խնդրել Իրմէ եւ վստահիլ, որ Աստուած միշտ ամէնէն լաւը կ՛ընէ եւ կու տայ Իրեն վստահող եւ հաւատացող Իր բոլոր զաւակներուն:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Հանրապետական մաղթանք, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 108-ամեակին առիթով: Աղօթական յատուկ այս պահը՝ հայոց պետականութեան, հայրենիքի, եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի անսասանութեան աղերս էր առ Աստուած, որ իր աւարտին հասաւ յաջորդաբար «Մեր Հայրենիք» եւ «Կիլիկիա» քայլերգներու միահամուռ երգեցողութեամբ:

Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Սիրոյ սեղանի շուրջ հիւրընկալեց իր ծուխին մէջ քահանայագործութեան անցած Յարութիւն Քահանայ Կարապետեանն ու անոր ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ շրջանի բարերարներն ու բարեկամները: Շնորհաւորական ու գնահատանքի խօսքերուն առընթեր, Քահանայ հօր աշխոյժ գործունէութիւն եւ ծառայական բեղուն տարիներ մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու շարք մը ներկաներ:

Close Menu

Categories