Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Միջնակարգ Վարժարանի Բարգաւաճման Ծիրէն Ներս, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Առաջարկով, Համայնքի Բարերար Արիս Սթամպօլեան Հովանաւորեց Նոր Ծրագիրներ

By June 11, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը գաղութի բարերարներէն Տիար Արիս Սթամպօլեանի: Ան Ազգային Առաջնորդարան ժամանեց՝ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր այն առաջարկին, որ կը վերաբերի Ազգ. վարժարաններու բարգաւաճման ի նպաստ զանազան ծրագիրներու հովանաւորման, ըստ բարերարի նախընտրութեան:

Առ այդ, Տիար Սթամպօլեան նոր նուիրատուութեամբ մը փափաք յայտնեց հովանաւորել Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Միջնակարգ վարժարանի բարգաւաճման եւ բարեզարդման ուղղուած ծրագիրներ:

Սրբազան Հօր եւ Ազգային բարերարին միջեւ ստեղծուած մտերմիկ զրոյցէն նաեւ ի յայտ եկաւ, որ Տիար Սթամպօլեանի նշանակալից նուիրատուութեան առիթով, Ազգ. Շամլեան վարժարանի մանկապարտէզի շէնքն ու խաղավայրերը, ինչպէս նաեւ միջնակարգի շէնքը պիտի անուանուին ազնիւ բարերարի հանգուցեալ ծնողաց՝ Տէր եւ Տիկին Ոսկան եւ Էլիզ Սթամպօլեաններու անունով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդհանրապէս բարձր գնահատեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Դպրոցին ուղղուած բոլոր բարերարութիւնները եւ մասնաւորաբար շեշտեց՝ Տիար Սթամպօլեանի կողմէ համայնքի կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր ցարդ կատարուած բարերարութիւնները: Ապա, առ ի գնահատանք իր հիւրին օրինակելի վեհանձնութեան, անոր լամբակը զարդարեց «Կիլիկեան արծիւ» զարդասեղով:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու պատուական հիւրը միասնաբար այցելեցին Ազգ. Շամլեան Միջնակարգ վարժարան, ուր ընդունուեցան Տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Արթին Ղազարեանի կողմէ, որոնց սիրալիր ընդունելութենէն ետք, անոնք ծանօթացան մանկապարտէզի եւ միջնակարգի շէնքերուն եւ հոն իրագործուող աշխատանքներուն:

Դպրոցին մէջ կատարուած ճանաչողական շրջագայութենէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու բարերար Սթամպօլեան ներկայ եղան այս նպատակին համար պատրաստուած աշակերտական կոկիկ յայտագիրի մը, որուն աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դարձեալ գնահատեց Տիար Սթամպօլեանն ու անոր ազգային եւ դպրոցանուէր բարերարութիւնը, ապա հայրաբար խրախուսեց եւ օրհնեց վարժարանի մեծ ընտանիքը, իր դեռատի եւ պատանի աշակերտութեամբ, համայնքի բարերարներն ու բոլոր զաւակները:

Close Menu

Categories