Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգին – Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի

By August 4, 2026No Comments

Առաջորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Եւ Քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Որդիներուն Եւ Թոռներուն Տօնին Առիթով

Կիրակի, 26 Յուլիս 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ աւուր պատշաճի քարոզեց՝ վկայակոչելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն եւ թոռներուն նուիրուած տօնը, որ Հայ Եկեղեցին տօնեց օր մը առաջ՝ Շաբաթ, 25 Յուլիսին: Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը:

Քրիստոնեայ Հայաստանի եւ հայութեան կեանքին մէջ տօնին շնորհած կարեւորութեան մասին խորհրդածելէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկոսը, որդիներն ու թոռները կը հանդիսանան հայ քրիստոնէական մշակոյթի հիմնադիրները, ապա եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ան շեշտեց, որ քրիստոնէական հոգեւոր ժառանգութիւնն ու մշակոյթը ազգովին անաղարտ պահելու հրամայականին դիմաց կը գտնուինք նաեւ այսօր. «Այս ոգեղէն ժառանգութիւնը ամենայն հաւատարմութեամբ, սիրով ու նուիրումով պէտք է որ պահպանենք մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, որպէսզի մեր ինքնութեան մաս կազմող քրիստոնէական աւանդը անխաթար փոխանցուի նաեւ հայ յաջորդ սերունդներուն», ըսաւ ան:

Յետ արարողութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ հանդիսապետեց եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն ընթացքին, Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար Ս. խորանէն յատուկ աղօթք բարձրացաւ առ Ամենակալն Աստուած եւ հնչեց պատգամ՝ հետագայ սերունդներու կեանքին մէջ եւս վառ պահելու հայ ժողովուրդի ազգային-հայրենասիրական ոգին՝ Լիզպոնի Հինգին անսակարկ ու անմոռանալի անձնազոհութեան օրինակով:

Close Menu

Categories