
Շաբաթ 22 եւ Կիրակի 23 Օգոստոս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքին, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, անդամներ` Տեարք Յովիկ Պետեւեանի եւ Ճէք Հաճինեանի:
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մուտքին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեանի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Նոյն օրը, ան նախագահեց տեղւոյն Հոգաբարձութեան անդամներու եւ շրջանի Ազգային երեսփոխաններու հետ նախօրօք կազմակերպուած յատուկ հանդիպման մը, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչները լսեցին ժողովականներուն մտահոգութիւնները՝ ծխական համայնքը յուզող զանազան հարցերու մասին, ապա Գեղամ Արքեպիսկոպոս կատարեց քննարկում եւ տուաւ ցուցմունքներ:
Կիրակի, 23 Օգոստոսի առաւօտեան, Առաջնոդ Սրբազան հայրը իր շքախումբով մուտք գործեց Ս. Կարապետ եկեղեցի, հանդիսապետեց Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ քարոզեց Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով՝ վեր առնելով Ս. Կոյս Մարիամի նկարագրային գիծերը՝ ծնունդէն մինչեւ վախճանում, ապա երկինք փոխադրութիւն:
Շեշտը դնելով՝ Աստուծոյ նկատմամբ Ս. Աստուածածինի ցուցաբերած բացարձակ հնազանդութեան վրայ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ՝ «հնազանդութիւնը Աստուծոյ հիմնական պայմանն է, որպէսզի Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը ըլլայ կայուն ու ներդաշնակ» եւ բացատրեց, որ նախաստեղծ Ադամի ու Եւայի՝ դրախտին մէջ անհնազանդ վարմունքը պատճառ դարձաւ, որ խախտուի Աստուած-մարդ յարաբերութեան ներդաշնակութիւնը, որուն հետեւանքով մարդը դրախտէն վտարուեցաւ: Աւելի եւս բացատրելով՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ, Նախահայր Ադամէն ետք, Աստուծոյ կողմէ մարդուն համար պատրաստուած փրկագործական ծրագիրին կեդրոնական դերակատարը կը հանդիսանայ՝ իբրեւ բարեխօսը մարդուն եւ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ, որ համայն մարդկութեան փրկիչն է եւ միակ միջոցը, որ մարդ վերստին ժառանգէ դրախտը եւ ապրի Աստուծոյ ներկայութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու ընկերակիցները եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զրոյցի բռնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին հետ, ապա եկեղեցւոյ անդամներուն, ժողովականութեան հետ հաց կիսեցին եւ արծարծեցին շրջանը յուզող զանազան հարցեր, որոնց համար հարկ եղած լուսաբանութիւններն ու ցուցմունքներ կատարուեցան։
Շահեկան զրոյցի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը գնահատեց ներկաներուն համերաշխ ոգին եւ օրհնեց զանոնք, մինչ ներկաներէն շատեր իրենց ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետին ու անդամներուն, շրջան այցելութեան առիթով:
Յայտնենք նաեւ, որ Շաբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու ընկերակիցները ճաշի հիւրը եղան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ՝ Տիկին Լիլիթ Իսախանեանի, իր բնակարանին մէջ:



















