Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Ազգ. Վահան Եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Մէջ «Պալասանեան» Արհեստագիտական Տարրալուծարանի Բացման Հանդիսութեան

By September 3, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Լա Քրեսենթայի մէջ գործող Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի մէջ նորակառոյց «Պալասանեան» արհեստագիտական տարրալուծարան-դասարանի բացման հանդիսութեան եւ հատեց անոր ժապաւէնը, Պալասանեան բարերար ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Այս առիթով իր շնորհաւորանքներն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցելով վարժարանի Տնօրէնութեան, անձնակազմին, Ուսումնական մարմինին, բարերար ընտանիքին, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց Պալասանեան ընտանիքի նուիրուածութիւնը, յանուն Ազգ. Շամլեան վարժարանի առաւել բարեզազարդման ու բարգաւաճման կարեւոր գործին եւ այս առիթով իր օրհնութիւնները բաշխեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն, հանդիսութեան ներկայ հանրութեան եւ վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն:

Close Menu

Categories