
Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ներկայ եղաւ եւ եզրափակիչ խօսք արտասանեց՝ գաղութիս ականաւոր գործիչ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական վաստակաւոր եղբայր՝ հանգուցեալ Սթիւ Արթինեանի յիշատակին նուիրուած հոգեճաշին առիթով, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ տեղւոյն Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներէն՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի եւ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան շրջանէս անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեանի, Հոլիվուտի պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, հարազատներու, ընկերներու եւ բարեկամներու:
Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, բացումը կատարեցին իրենց սիրելի ընկերոջ անունը կրող եւ իրենց իսկ բարերարութեամբ յարդարուած «Սթիւ Արթինեան» սրահին, առ ի յաւերժացում ազգային գործիչի անուան ու յիշատակին:
Պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց Առաջնորդ Սրբազան հօր եզրափակիչ խօսքը, որուն ընդմէջէն Գեղամ Արքեպիսկոպոս վեր առաւ յատկանշական քանի մը կէտ՝ ցոյց տալով, որ՝ ա) Սթիւ Արթինեան եւ իր նման նուիրեալ գործիչներ կազմաւորուած են Արեւմտեան Թեմի ազգային-հայկական կեանքի մէջ եւ, հետեւաբար, լաւագոյնս կը ցոլացնեն այս գաղութի հայկական, ազգային դիմագիծը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի նաեւ իր գործիչներուն ճամբով, բ) յիշատակի այս եւ նման հանդիսութիւններ գաղութի շնորհաշատ վաստակները գնահատելու եւ զանոնք նոր սերունդի զաւակներուն ծանօթացնելու լաւ առիթներ են, գ) բարերար Վարանդ Մելքոնեանի կողմէ «Սթիւ Արթինեան» անուանումը այս սրահին՝ կը հանդիսանայ բարձրագոյն արտայայտութիւնը անոր ընկերասիրութեան այնքան մը, որ զինք կը դարձնէ երախտագէտ՝ իր սիրելի եւ անմոռանալի ընկերոջ նկատմամբ ու նախանձախնդիր՝ անոր յիշատակը թարմ պահելու առումով այնքան, որ սրահ մը կը նուիրէ իր թանկագին ընկերոջ յիշատակին եւ վերջապէս՝ դ) «Սթիւ Արթինեան» անուանումը այս սրահին, մարդուն ու գործին յաւերժացումն է եւ խորհրդանիշը՝ ընկերասիրութեան, որոնք ինքնին արժէքներ են եւ պիտի ծառայեն նոր ու գալիք սերունդներու իբրեւ հայ-քրիստոնեայ մարդ առողջ դաստիարակութեան:
Յայտնենք, որ իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջարկեց Մելքոնեան ամոլին, որ սրահին մէջ անունն ու դիմանկարը զետեղուի Սթիւ Արթինեանի եւ հեղինակային խորհրդանշական խօսք, որդ լաւապէս կը ծանօթացնէ հանգուցեալին ներքին էութիւնը: Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջարկը ընդունուեցաւ ծափողջոյններով: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ»ով:













