Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սրտի Խօսք Արտասանեց Հանրային Գործիչ Զ. Խանճեանի Նուիրուած Հանդիսութեան

By November 13, 2026No Comments

Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ եղաւ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն, գրող, հրապարակագիր, ազգային եւ եկեղեցական գործիչ, հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանի Բ. տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյի հանդիսութեան, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ:

Այս առիթով խօսք արտասանեց նաեւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս՝ վեր առնելով խանճեանական «կը հոգամ, ուրեմն կ՛ապրիմ» մտածումը, որ փոխառութիւնն է ֆրանսացի նմանաւոր փիլիսոփայ Տեքարթի շատ հանրածանօթ խօսքին, եւ խորհրդածեց՝ ըսելով, որ հայասէր, եկեղեցասէր, հայրենասէր եւ մարդասէր Խանճեանի նկարագրի ամէնէն յատկանշական կողմը հաւատքի մարդուն կերպարն է՝ դէպի Արարիչ Աստուած, ազգ-հայութիւն, հայրենիք-Հայաստան եւ համայն մարդկութիւն, եւ թէ խոր հաւատքով իր կեանքը ապրող Զաւէն Խանճեան մարդուն մօտ բարձր իմացութեան հասած է հաշուետուութեան ամէնօրեայ գիտակցութիւնը՝ Արարչագործ Աստուծոյ եւ Անոր բոլոր ստեղծածներուն նկատմամբ այնքան, որ իր մարդկային կարճատեւ կեանքին մէջ ան ապրելու իմաստը գտած է այլոց ցուցաբերած հոգատարութեան եւ իր կատարած բարի ու աստուածահաճոյ գործունէութեան մէջ:

Յայտնենք, որ հանդիսութեան աւարտին, ներկաներուն բաժնուեցաւ Զաւէն Խանճեանի գրական-հրապարակագրական գրութիւնները եւ նամականին ամփոփող՝ «Մարդը՝ բազում կոչումներով» խորագրեալ մեծադիր գիրքէն օրինակներ: