Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր

By December 29, 2020June 3rd, 2024No Comments

Երկուշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան այցելեց Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ` տեարք Վահէ Եագուպեանի եւ Կայծակ Զէյթլեանի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։ Տիար Տէր Պետրոսեան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը իր առաջնորդ ընտրութեան առիթով եւ ուժ ու կորով մաղթեց իր եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ:

Close Menu

Categories