
Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընդունեց այցելութիւնը Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմնին եւ գործավարներուն, ուղեկցութեամբ ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեանի:
Հանդիպման ընթացքին տիրեց երկխօսութեան ջերմ մթնոլորտ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին բարձր գնահատեց Ազգային վարժարանները, անոնց տնօրէններն ու Ուսումնական խորհուրդները՝ նշելով, որ անոնք բծախնդիր աշխատանք կը տանին գաղութի կեանքէն ներս՝ հայապահպանման առումով լաւապէս հսկելով հայ աշակերտներու հայեցի դաստիարակութեան եւ մասնագիտօրէն իրականացնելով կրթական ծրագրի ամբողջացման աշխատանք:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Խնամակալ մարմինը, որ ե՛ւ որպէս հսկող, ե՛ւ որպէս պատասխանատու մարմին՝ եզակի եւ ամբողջական դերակատարութիւն ունի Ազգային վարժարաններու առողջ պահպանման, ընդարձակման եւ բարգաւաճման առաքելութեան մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը, Թորգոմ Եպիսկոպոս, յիշեցման կարգով հրաւիրեց Ազգային վարչութիւնն ու Խնամակալ մարմինը՝ բոլոր մարզերէ ներս յաւելեալ ուշադրութիւն ցուցաբերելու հայերէն լեզու եւ հայկական նիւթեր աւանդող ուսուցիչներու նկատմամբ:
Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ դիտել տալով, որ Առաջնորդ Հօր հովանաւորութեամբ Ազգային վարժարանները հետզհետէ աւելի եւս կը յառաջդիմեն եւ կը բարեզարդուին: Ան միաժամանակ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգային վարչութեան, որ իր ամբողջական զօրակցութիւնը չի զլանար՝ ի նպաստ Խնամակալ մարմնի բոլոր ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց:
Հանդիպման աւարտին, շինիչ արտայայտութիւններով եւ գնահատանքի խօսքերով զրոյցին մասնակից դարձան Ազգային վարչութեան եւ Խնամակալ մարմինի անդամները: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց բոլորին, որ Ազգային Առաջնորդարանը մայրն է Ազգային վարժարաններուն եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Մեր վարժարանները իրենց աշխատանքով ու գործունէութեամբ պատուաբեր զաւակներ են, որոնք պարծանք կը բերեն Ազգային Առաջնորդարանին»: