
Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-էն սկսեալ, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Vertigo Event Venue» ճաշասրահին մէջ (400 W. Glenoaks Blvd.), հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեանբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։
Նախքան ճաշկերոյթը, առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւագալի ժամերգութիւն պիտի կատարուի Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան։
Մուտքի նուէրն է $50։ Տոմսերու համար դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին, կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն: