– ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՈՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտութեան, ընկերակցութեամբ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի եւ դաստիարակ ուսուցիչներու:
Աշակերտական ասմունքներ, հայրենասիրական զուգերգ եւ խմբերգներ ջերմութեամբ լեցուցին դահլիճ ու սրտեր, որոնք քիչ ետք խանդավառուեցան Առաջնորդ Սրբազանի գնահատական խօսքերով եւ օրհնութիւններով՝ ուղղուած Ազգ. վարժարանի տնօրէնութեան, աշակերտութեան եւ մեծ ընտանիքին:
Առաջնորդ Սրբազանը յա՛տկապէս բարձր գնահատեց այցելու աշակերտներու՝ թիւով 91, ի մօտոյ Հայաստան այցելութիւնը իբրեւ հայրենիքին հետ կենդանի շփում ունենալու, հայրենական հողէն, ջուրէն ու ազգային մթնոլորտէն ոգեկան ամրութիւն ձեռք բերելու եւ անմոռաց յիշատակներով լեցուելու բացառիկ առիթ, ապա յորդորեց պատանիները իրենց հոգիին մէջ միշտ կրելու Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի կեանքի բոլոր օրերուն զիրենք պաշտպանէ չարին ու մութին դէմ՝ իբրեւ բարիի աղբիւր եւ լոյսի ստեղծիչ:
Հուսկ, շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Դաւիթեան եւ վարժարանին անունով Սրբազան Հօր նուիրեց յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ աշակերտական շարքերու եւ ուսուցիչներու կողմէ հանգանակուած նոր զօրակցութիւն մը՝ ուղղուած Հալէպի իրենց քոյր-եղբայրներուն:
Մեկնումի պահուն, բոլոր աշակերտները ստացան բանաստեղծ Ժագ. Ս. Յակոբեանի «Գոյնզգոյն» հատորէն օրինակներ եւ փայտեայ խաչեր: