Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 12-րդ Կարգի Աշակերտները Հանդիպում Ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

By March 30, 2022June 1st, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի աւարտական կարգի մօտաւորապէս 70 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու, այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ բարի գալստեան խօսք մը ուղղեց աշակերտութեան եւ գնահատեց անոնց ինքնաբուխ այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան՝ լսելու Մեծ Պահոց մասին իր հոգեւոր խրատներն ու յորդորները, որոնց ընդմէջէն ան անդրադարձաւ քրիստոնէական ներկայ կեանքը յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու ՝ յիշեցնելով, որ աշակերտներ եւ երիտասարդներ հրաւիրուած են միշտ ուժեղ ըլլալու իրենց հաւատքին մէջ եւ իրենց ուշադրութիւնը բարի գործերու վրայ կեդրոնացնելու, որպէսզի «մարդը շատնայ մարդուն մէջ»:

Մտերմիկ զրոյցը պատճառ դարձաւ, որ աշակերտներ ուղղեն հետաքրքրական հարցումներ, որոնց մասին Սրբազան Հայրը տուաւ սպառիչ պատասխաններ:

Հանդիպման աւարտին, սրտի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէնուհին եւ ուսուցիչներ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին, հայ աշակերտութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած ուշադրութեան համար, իսկ Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւր հայ աշակերտի նուիրեց փայտեայ խաչ մը եւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ողկոյզ» քերթողագիրքէն նմուշ մը:

Close Menu

Categories