Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. «Ռ. Թիւֆէնքեան» Մանկամսուրի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

By April 29, 2021June 2nd, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի մէջ գործող Ազգային «Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան» Մանկապարտէզ-մանկամսուրը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ մանկամսուրի վարիչ Արսինէ Աղազարեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Շահվերտեան, անդամներ եւ Մանկամսուրի վարիչ օգնական Լորէթ Աւաննէսեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մանկամսուր-մանկապարտէզի Ուսումնական մարմինի նախկին ատենապետ, ներկայիս Ազգային վարչութեան անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան:

Հանդիպման ընթացքին Մանկամսուրի ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց ներկայ գործունէութեան, Մանկամսուրի ներքին կեանքի եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ, ապա իրենց ծրագիրներու յաջողութեան համար խնդրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր զօրակցութիւնը:

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Ազգային «Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան» Մանկամսուր-մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, պաշտօնէութիւնն ու պատասխանատուները եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց հետագայ ծրագիրներուն՝ միաժամանակ դրուատելով նուիրական այն աշխատանքը, որ այս հաստատութիւնը գրեթէ կէս դարէ ի վեր կը տանի՝ յանուն հայ մատղաշ նոր սերունդներու առողջ ու ապահով կեցութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան:

Close Menu

Categories