Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Մեծարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

By April 22, 2022June 4th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ջերմագին ընդունելութեան արժանացան Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի Ա. կարգի 100 աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Թալին Քարկոտորեանի, դաստիարակ ուսուցիչներու եւ ծնողներու:

Ազգ. Առաջնորդարան մուտքին, մանուկ աշակերտները երկիւղածութեամբ թարմ ծաղիկներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ յուշակոթողին առջեւ, ապա Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ փունջ մը հայրենասիրական երգերով մեծարեցին յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, հուսկ իրենց մատնահետքերը կրող յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Թորգոմ Եպիսկոպոսի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց հայ փոքրիկ աշակերտներու այցելութիւնն ու երգեցողութեան կատարումը, ինչպէս նաեւ մեծերուն՝ տնօրէնուհի-ուսուցի-ծնող, ցուցաբերած հոգածութիւնը նոր սերունդի զաւակներու ազգային դաստիարակութեան ծիրէն ներս եւ այս առիթով յուշանուէր բաշխեց այցելուներուն:

Close Menu

Categories