Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Հայկական Ակումբի Աշակերտները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազանին

By November 28, 2022May 31st, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ հանդիպում ունեցան Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Հայկական ակումբի աշակերտները, գլխաւորութեամբ Տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, ընկերակցութեամբ պատասխանատու ուսուցիչներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց զինք այցելող աշակերտական խումբը, որ բաղկացած էր 7 եւ 8 կարգերու այն աշակերտներէն, որոնք Հայկական ակումբին մաս կը կազմեն եւ իրենց փափաքն էր, որ Առաջնորդ Սրբազանին հետ ունենան հանդիպում-զրոյց մը, ինչպէս բացատրեց Տնօրէնուհին, շնորհակալական իր խօսքին մէջ:

Աշակերտները իրենք զիրենք Սրբազան Հօր ներկայացնելէ ետք, անոր ուղղեցին հարցումներ, որոնց Թորգոմ Եպիսկոպոս պատասխանեց մեծ խանդավառութեամբ ու գորովով՝ Ս. Գրային կարգ մը օրինակներով եւ աշակերտներուն հասկնալի լեզուով բացատրելով ՄԱՐԴ-ՀԱՅ ՄԱՐԴ-ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԱՐԴ ըլլալու առաքինութիւնը, ապա դրուատեց Ազգ. վարժարաններու աշակերտութեանց Հայաստանի, հայութեան եւ հայկական մշակոյթի նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքը, սէրն ու հոգատար վերաբերումը, միաժամանակ քաջալեր հանդիսանալով Շամլեան վարժարանի Հայկական ակումբին, որ աշակերտական մակարդակի բարեսիրական գործունէութիւն սկսած է ծաւալել՝ Հայաստանի ու Արցախի իրենց տարեկից քոյր-եղբայր դպրոցականներու կարիքները հոգալու առումով:

Խրախուսական մթնոլորտը ընդգրկեց նաեւ Յիսուս Քրիստոսի բարոյախօսական խրատները, ինչպէս՝ ներել դուն քեզ, ներել դիմացինը, սիրել զիրար, սիրել քու նմանդ, որոնք զրոյցը դարձուցին շահեկան, հաճելի ու իմաստալից:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը նիւթական զօրակցութիւն մը կատարեց Շամլեան վարժարանի Հայկական ակումբին, առ ի ծաւալում աշակերտներուն ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութեան, ապա իւրաքանչիւր այցելու աշակերտի յանձնեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ես Գիրք եմ Հայերէն» հատորէն օրինակներ եւ փայտէ խաչեր:

Close Menu

Categories