Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Աղօթք Արցախին Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Մարմնի Կազմակերպութեամբ

By October 23, 2020June 18th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ին, Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Մարմնի կազմակերպութեամբ, Լոս Անճելըս Գաւառի «Grand Park»ին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին։

Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն ձեռնարկին, իր պատգամը յղեց եւ ապա աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէր Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Թորգոմ Եպիսկոպոս իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին անցած է բազմապիսի փորձութիւններէ ու փորձանքներէ. «Մենք Ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդ ենք, սակայն յարութիւն առած եւ վերակենադանացած՝ մեր հաւատքին ու կամքին շնորհիւ։ Այսօր, մեր նախահայրերու արեամբ ջրդեղուած հողին վրայ տեղի ունեցող պատահարներուն ի տես՝ մեր վէրքերը դարձեալ կը կոտտան։ Այս իմաստով մեր ձեռքերը վեր բարձրացուցած ենք միահամուռ աղօթելու եւ միասնաբար գործելու վասն խաղաղութեան եւ արդարութեան։ Ուրախ ենք, որ այս բոլոր իրադարձութեանց ընթացքին, մեր կողքին կանգնած են առաքինի եւ արդար մարդիկ, որոնք իրենց կարգին արդարութեան ձայնը կը հնչեցնեն տարբեր բեմահարթակներու վրայ»։

Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յովնան Արք. Տէրտէրեան՝ Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի, Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Ատենապետ, Հայր Արմենակ Պետրոսեան՝ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդի ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ վերահսկիչներ՝ Քէթրին Պարկըր եւ Հիլտա Սոլիս։

Close Menu

Categories