Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Այլակերպութեան Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

By July 13, 2021June 14th, 2024No Comments

Կիրակի, 11 Յուլիս 2021ին, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց եւ աղօթեց, որպէսզի աստուածային օրհնութիւնները անձրեւի պէս հեղուն իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայ անհատի վրայ եւ նորոգեն իւրաքանչիւր հայ մարդու կեանք երկնային արժէքներով ու վերահաստատեն իւրաքանչիւր հայ ընտանիք դրախտային ընտանիքի նուիրական կերպարին մէջ:

Խօսելով Այլակերպութեան տօնին մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները՝ իրենց կեանքի ընթացքին պատրաստակամութիւնը ունենալու, որ զանազան առիթներով երբ պատեհութիւնը զգացուի հոգին լեցնելու եւ հոգին մարմնէն ու նիւթէն աւելի բարձր գերադասելու, այլակերպուին Տիրոջ հետ, Տիրոջ փառքին համար:

«Երբ մենք կը կտրուինք աշխարհէն, այն ատեն Երկինքը կը մօտենայ մեզի, երբ մենք կը գերադասենք երկնային արքայութիւնը քան երկրաւոր թագաւորութիւններ, այն ատեն մենք այլ կերպ կը դառնանք եւ կ՛այլակերպուինք: Կը հրաւիրեմ ձեզ, սիրելի ժողովուրդ,- ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը,- որ կեանքի զանազան հանգրուաններուն, Քրիստոսի օրինակով, մեզի հետ ունենանք մտերիմներ, ընտանիքի անդամներ, բարեկամներ, հարազատներ, այլ խօսքով՝ հաւատքի մարդեր, եւ անոնց հետ այլակերպուիլ, անոնց ներկայութեան այլակերպուիլ, եւ աղօթքի կեանքով հրաւիրուիլ մերձենալու Աստուծոյ եւ զԱստուած մերձեցնելու առ մեր կեանքը, մեր ընտանիքը եւ մեր շրջապատը»:

Close Menu

Categories