Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ազգ. Առաջնորդարանի երէց բարերարուհիներէն Անահիտ Պաղտատլեան եւ դուստրը՝ Սիլվի, փափաք յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը բերել՝ 1 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայանալիք Միւռոնօրհնէքին եւ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանի ցուցմունքին, անոնք սիրայօժար յանձն առին Միւռօնորհնէքի շրջագիծէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն աջակցիլ նիւթապէս:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ուխտաւորի հաւատքը Անահիտի եւ Սիլվիի, անոնց փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները եւ մաղթեց կատարեալ առողջութիւն: