Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջաւորաց Պահքի Առիթով Խաչահանգիստ եւ Ջրօրհնէք

By January 30, 2020June 3rd, 2024No Comments

Այս տարի, Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 2 Փետրուարին։ Այս պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, մեր ազգի Քրիստոնէութեան դարձին առիթով, եւ իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։

Առաջաւորաց պահքի ծոմապահութիւնը կը սկսի Կիրակի, 2 Փետրուարին, կէս գիշերին։ Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի առաւօտեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ խաչահանգիստ եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի, որմէ ետք հաւատացեալ ծոմապահները Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր պիտի ստանան։ Արարողութեան մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար, կը խնդրուի դիմել մեր եկեղեցիներու գրասենեակները։

Close Menu

Categories