Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, այցելեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարան, ուր ընդունուեցաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի, Փոսթոյեան մանկամսուրի վարիչ՝ Տիկին Քրիսթինա Մովսէսեանի եւ Ուսումնական Մարմինի ատենապետ՝ Տիար Վահէ Թաշճեանի կողմէ։
Այս առիթով, մանկամսուրի, նախակրթարանի եւ աւագ դասարանի աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ ողջունեցին անոր ջերմ ներկայութիւնը իրենց վարժարանէն ներս։ Այնուհետեւ, Թորգոմ Եպիսկոպոս շրջեցաւ դասարանները եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ տարբեր տարիքի աշակերտներուն հետ։
Առաջնորդ Սրբազանը հետեւեալ ձեւով բնութագրեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանը. «Հայ մանուկն ու պատանին ամբողջական գիտութիւն ու կրթութիւն կը ստանան մեր սիրելի վարժարանէն ներս, ուր նուիրեալ ուսուցիչներ եւ մշակներ այնքան բծախնդիր կ՛աշխատին աշակերտներու հոգեիմացական կազմաւորման վրայ, իսկ վարժարանի երդիքին ներքոյ հայ մշակոյթը ամէնօրեայ դրութեամբ ծաղկում ու տարածում կ՛ապրի։ Մեր աշակերտներուն ունեցած սէրն ու հաւատարմութիւնը հայոց լեզուի, հայկական աւանդութեանց, հայ երգ ու պարի նկատմամբ, աւելի քան ակներեւ է։ Բարի երթ եւ յաղթական նոր վերելքներ կը մաղթենք Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի մեծ ընտանիքին»։