
Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ յատուկ հանդիպման մը ընթացքին բարձր գնահատեց Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, որ ընթացիկ տարուան մէջ իր կազմակերպած ձեռնարկներուն ամբողջ հասոյթը՝ հարիւր հազար (100,000) տոլար, Առաջնորդ Սրբազանին ճամբով տրամադրեց Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող մարդասիրական ծրագիրներու:
Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամներուն, ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք Ձեր ծառայական առաքելութեամբ: Դուք, շնորհիւ Ձեր հաւատարմութեան եւ կամեցողական բարձր ոգիին, յաջողեցաք ո՛չ միայն Ձեզմէ ակնկալուածը իրականացնել, այլեւ բարի մթնոլորտ ստեղծելով Ձեր շուրջ եւ այսպիսով գերազանցեցիք Դուք Ձեզ, վայելելով աջակցութիւնը Ձեր մեծաթիւ զօրակիցներուն եւ բարի օրինակ ծառայելով շատ-շատերու»: