Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Գնահատեց ՀՕՄ-ի Ազգանպաստ Եւ Հայրենանուէր Գործունէութիւնը

By May 6, 2022June 4th, 2024No Comments

Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հոլիվուտի Տաղլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հայ Օգնութեան միութեան ազգանպաստ աւելի քան մէկ դարեայ գործունէութիւնն ու հայրենեաց եզերքի ու բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերած անսակարկ ծառայութեան ոգին, ապա աւելի քան 500 հրաւիրեալներու ուղղելով իր խօսքը՝ նշեց, որ «ՀՕՄ-ը աւելի քան դարէ մը ի վեր ինքզինք կը բաշխէ ի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռս, որ ազգէն առածը աւելի անուշցած վերադարձնելով ազգին՝ կը գործէ հայ-քրիստոնէական ցեղային յատկանիշներուն հաւատարիմ սկզբունքով, որ կանացի իր շարքերը միշտ նորերով լրացնելով՝ արդիական ծրագիրներ կը կոչէ կեանքի, որ թափով մը անկասելի կը ծառայէ յանուն ազգի ու հայրենիքի, յօգուտ հայ բանակի ու զինուորի, հայ մօր ու մանկան համար, հայ ուսուցիչի ու աշակերտի ի նպաստ, յաղագս հայ երիտասարդի ու տարեցի, վասն աշխատաւորի ու համալսարականի, ի սէր հիւանդի ու տկարի, առ կարիքաւորն ու անկարը, ի խնդիր հայ ազգի բոլոր զաւակներու առողջ եւ ապահով կեցութեան»:

Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնն ու օրուան գլխաւոր մեծարեալ բարերար զոյգը՝ Տէր եւ Տիկին Ճէք եւ Զարիկ Եուրեճեանը, որ իշխանական նուիրատուութեամբ մը մասնակցութիւն կը բերէ ՀՕՄ-ի հայրենական ծրագիրներէն՝ Երեւանի մէջ գործող Հերացի հիւանդանոցի վերականգնողական բաժնի կարիքներու ապահովման գործին, որպէսզի վիրաւոր զինուորներ եւ հաշմանդամներ մասնագիտական յատուկ աւելի խնամք եւ յաւելեալ հոգածութեան արժանանան:

Ճաշկերոյթի աւարտին Սրբազան Հայրը եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան՝ յանուն վարչութեան, բարերար ամոլին միատեղ նուիրեցին յուշանուէր: Հուսկ, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:

Close Menu

Categories