Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմագիտութեան բաժանմունքէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի, որուն կ’ընկերանային Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Տիկին Լիզա Կապուտեան, անդամ Դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ գործավար Տիկին Թամար Թիւֆէնկճեան:
Դոկտ. Յովհաննիսեան Լոս Անճելըս կը գտնուի աշխատանքային այցով, մեր դպրոցներու 5-րդ կարգի Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու դասաւանդման նկատմամբ: Ան արեւելահայերէնով կը պատրաստէ «Մեր Հայրենիքը» դասագիրքը, որ ներկայիս կը դասաւանդուի առցանց, իսկ արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան կը վերածէ Տիկին Թիւֆէնկճեանը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Ազգ. Վարժարաններու եւ կրթական ոլորտի առնչուած հարցեր:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Դոկտ. Յովհաննիսեանի այս նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն։