Skip to main content
search
Uncategorized

Առաջնորդ Սրբազանը «Շուշի» Անուանեց Մարի Փոսթոյեան Մանկամսուրի Խաղավայրը

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Ուրբաթ, 18 Օգոստոս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ` Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, ներկայ եղաւ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի ՀՕՄ-ի Մայր մասնաճիւղի Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրի խաղավայրի բացման, Հոլիվուտի մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորեցին շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Հոգաբարձական կազմը, Դպրոցի ու Մանկամսուրի տնօրէնութիւնը եւ Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներն ու սիրասուն աշակերտներ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Մանկամսուրի վարչուհի Քրիստինէ Մովսիսեան եւ ուրախութեամբ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, բարերարներն ու բոլոր ներկաները:

Ժապաւէնի հատումէն ետք իր արտասանած սրտի խօսքով Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հոլիվուտի հայ համայնքի նուիրեալ զաւակներու եւ բարերարներու անխոնջ աշխատանքը, գնահատեց արձանագրուած ձեռքբերումները, ապա նշեց, որ «թէեւ ներկայ դրութեամբ հայ մշակոյթի կեդրոն՝ Արցախի Շուշի քաղաքը Ատրպէյճանի կողմէ խլուած է հայութեան ձեռքէն, բայց բազում մղոններ հեռու՝ հայաշատ այս շրջանի մանուկներուն խաղավայրը մենք կը կոչենք «Շուշի», որպէսզի մեր զաւակներն ու թոռնիկները քաջածանօթ ըլլան մերօրեայ պատմութեան ու ազգի կեանքին մէջ իրենց քայլերը նետեն՝ հայապատկան Շուշի քաղաքը իրենց հոգիին մէջ կենդանի պահելու, եւ ինչո՞ւ չէ, օրհնաբեր պահու մը նաեւ զայն իր բնիկ տիրոջ՝ հայութեան գի՛րկը վերադարձնելու աշխատանքին մղուելու համար»:

Close Menu

Categories