
Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ըստ աւանդութեան ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցի եւ հանդիսապետեց Արեւագալի առաջին արարողութեան, ապա եկեղեցին լեցուցած հանրութեան ուղղեց օրուան պատշաճ սրտառուչ պատգամ։
Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց միութեան, ՀՕՄ-ի Անահիտ մասնաճիւղի անդամներ, Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու։
ՀՕՄ-Ի ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց ՀՕՄ-ի Անահիտ մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Մեծ Պահոց ճաշկերոյթին եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի հետ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, ապա սրտագին մաղթանքներ փոխանցեց ներկաներուն ու իր խանդավառող խօսքին մէջ ընդգծեց Հայ Օգնութեան միութեան անդամ ժրաջան մայրերու եւ քոյրերու ծառայութիւնն ու անոնց եկեղեցասիրական ոգին:
Այնուհետեւ, մասնաճիւղի ատենապետ՝ Տիկին Անգինէ Ակոբեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ կատարեց Մեծ Պահոց բարեմաղթութիւններ, որոնց յաջորդեց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի խումբ մը աշակերտներու գեղարուստական ելոյթը: