Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարան

By March 12, 2025No Comments

Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք․ Խաչերեան, անդրանիկ այցելութիւն մը շնորհեց Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանին, որուն մուտքին ընդունուեցաւ շրջանի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Անի Սարգիսեանի, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. Արմէն Գարօ կոմիտէութեան հերթապահ՝ Տիար Սարգիս Ճանէցեանի, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Միհրան Միհրանեանի, ինչպէս նաեւ դպրոցի Ուսումնական մարմինի, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու ազգային երեսփոխանական ներկայացուցիչներու կողմէ։

Աղ ու հացի օրհնութեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ազգ. Ա. Կ. Մինասեան ամէնօրեայ վարժարանի մանկամսուրէն մինչեւ վեցերրորդ կարգի դասարանները եւ սրտբաց զրոյց ունեցաւ մատղաշ ու պատանի աշակերտներուն ու անոնց նուիրեալ դաստիարակ-ուսուցիչներուն հետ:

Խօսելով աշակերտներուն հետ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս քաջալերեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ դաստիարակներու յարատեւ վերելքի ճիգն ու նուիրուածութիւնը՝ տեղւոյն աշակերտութեան հայեցի նկարագիրի կերտման եւ կրթական կեանքի բարգաւաճման ի խնդիր, ապա բարի վարքի խրատներ բաշխեց աշակերտներուն եւ ուրախութեամբ ականջ դրաւ հայ տղոց հետաքրքրական պատմութիւններուն:

Դասարաններ այցելութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շքախումբով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ Ղուկասեան սրահ, ուր աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր՝ անմահացնելով Վարդանանց տօնն ու խորհուրդը փունջ մը ազգային երգերու եւ արտասանութիւններու ընդմէջէն, որոնք ջերմացուցին ներկաներուն սրտերը եւ անոնցմէ խլեցին վայելքի հիացական արտայայտութիւններ:

Վարդանանց տօնին առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Քրիստոնեայ Հայաստանի պետականութեան պաշտպանութեան համար մարտնչած Վարդանանց սերունդի դիւցազնական ոգին եւ այս առիթով գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու դաստիարակ ուսուցիչները՝ նշելով, որ անոնք իրենց սիրելի աշակերտներուն հետ բծախնդիր աշխատանք տարած են, որպէսզի վերջիններս ազգային տօնի նման հայեցի եւ յաջող մատուցում կատարեն, այլեւ հայկական ազգային անպարտելի ոգիով վարակեն մեծ ու փոքր հանդիսատեսները:
Աւելի ուշ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւին, վարժարանի տնօրէնին եւ Ուսումնական մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ եւ մօտէն հաղորդ դարձաւ դպրոցի աշխատանքներուն ու ապագայ ծրագիրներուն։

Աւարտին, արժեւորելով իր առաջին շրջագայութիւնը Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքի կեանքէն ներս, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ շրջանը յատուկ տեղ կը գրաւէ Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ իր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիով, ժողովականութեամբ, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանով, աշակերտներով, ծնողներով, միութենական կառոյցներով, բարերարներով, բարեկամներով ու շրջանի բոլոր զաւակներով, ապա իր աղօթական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց բոլորին:

Close Menu

Categories