Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի Ներկայացուցիչները

By May 21, 2021June 2nd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 20 Մայիս 2021, յետմիջօրէի ժամը 4ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի «Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ» մանկամսուրի վարիչ Անգինէ Իսկաճեան, Ուսումնական մարմնի ատենապետուհի Գոհարիկ Գաբրիէլ եւ անդամ Սիրանուշ Ռուսեան:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի կրթական մշակներու ազգանուէր գործունէութիւնը եւ զրոյցի ճամբով հասու եղաւ վարժարանին ուսումնական, աշակերտական եւ ընկերային կեանքը յուզող հարցերուն՝ յոյս յայտնելով, որ համաճարակային ներկայ դրութիւնն ու գործելաոճը ի մօտոյ վերջ կը գտնեն եւ յառաջիկայ աշնան Միացեալ Նահանգներու թէ ամբողջ աշխարհի համար կը բացուի կրթական բնականոն տարեշրջան:

Այցելուները ուժ եւ կարողութիւն մաղթեցին Սրբազան Հօր՝ իր առաջնորդական ծառայութեան մէջ, լիայոյս ըլլալով, որ ամենամօտիկ ապագային Սրբազան Հայրը կ՛ընդունին Ազգային Մեսրոպեան վարժարանէն ներս:

Close Menu

Categories