Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսին

By June 9, 2021June 2nd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 9 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հայրենի դիւանագէտը զրուցեցին Հայաստանի իրավիճակին մասին եւ արծարծեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր՝ յոյս յայտնելով, որ աշխարհատարած հայութիւնն ու հայկական բարձրաւանդակը միասնաբար կը յաջողին շրջանցել այս ծանր պահը եւ դիմաւորել աւելի լուսաւոր օրեր:

Close Menu

Categories