Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Կլենտէյլի Հրշէջներու Բաժանմունքի Պատասխանատուներուն

By January 24, 2025No Comments

Հինգշաբթի, 16 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Գեւիկ Պաղտասարեանի եւ Ճէք Հաճընեանի, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց ծանօթացման այցելութիւնը Կլենտէյլի Հրշէջներու բաժանմունքի պետ Կրեկ Ֆիշի եւ տեղակալ Ճէֆ Պրուքսի: Այցելուներուն կ՛ընկերանար նոյն բաժանմունքի Խորհուրդէն հայազգի անդամ՝ Տիար Զաւէն Գազազեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին հանդիպման առիթին համար, ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ իրենց աշխատանքի բնոյթն ու գործունէութեան դաշտը, ինչպէս նաեւ բաժանմունքին ստանձնած պատասխանատուութիւնները, գործելու եղանակը, հրշէջներու զոհողութեան ոգին եւ անոնց մարդասիրական ծառայութիւնը, ապա առողջութեան, ապահով կեցութեան եւ բարի օրերու ջերմ մաղթանքներով շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընտրութիւնը՝ պաշտօնին, Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, բարձր գնահատեց Հրշէջներու բաժանմունքին ու ջոկատին աշխատանքը՝ անձնազոհութեան գնով մարդկային կեանքեր եւ ունեցուածք կորուստէ փրկելու, բռնկած տուն, կառոյց ու շրջան կրակի ճարակէն ազատելու առումով եւ ընդգծեց այս վտանգաւոր ասպարէզին աստուածահաճոյ բնոյթն ու մարդասիրական նկարագիրը, իր խօսքին մէջ օրինակ բերելով վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ ծագած հրդեհներու մարումին համար հրշէջներու ցուցաբերած յոյժ գնահատելի եւ գերմարդկային ճիգն ու անձնազոհութիւնը, միաժամանակ ցաւ յայտնելով կրակին պատճառած մարդկային զոհերուն եւ հսկայական աւերներուն համար:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի ու առողջ տարիներ մաղթեց Ֆիշին եւ Պրուքսին յոյս յայտնելով, որ Լոս Անճելըսի հրդեհներու տարողութեամբ ցաւալի նոր պատահարներ չեն կրկնուիր այս երկրին մէջ եւ յորդորեց հիւրերը Աստուծմով միշտ ըլլալ լաւատես:

Close Menu

Categories